«ՄԱՍԻՍ ԲԼՈՒՐ»Ի ՄԷՋ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ

Գալիֆորնիոյ համալսարանի հնագէտ մասնագէտներ յաջորդ տարի պեղումներ պիտի իրականացնեն Հայաստանի հնագոյն բնակատեղիներէն մէկուն՝ «Մասիս բլուր»ի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի տնօրէն Բաւել Աւետիսեան ըսաւ, որ յուշարձանի տարածքին հայ-ամերիկեան արշաւախումբը ոչ միայն պեղումներ, այլ նախապատրաստական աշխատանքներ իրականացուցած է։ «Այս տարի մաքրեցինք նախորդ տարիներուն պեղուած նիւթերը եւ քանի որ յուշարձանը մեծ ներուժ ունի, որոշեցինք այնտեղ ամառնային դպրոց կազմակերպել ամերիկացի հնագէտ-մասնագէտներու համար», ըսաւ ան։

Աւետիսեանի խօսքով՝ «Մասիս բլուր»ի մէջ Օգոստոսի 4-ին մեկնարկած եւ աւելի քան մէկ ամիս տեւած պեղումներու արդիւնքին նոր շինութիւններ բացուած են՝ հետաքրքրական նիւթերով։ «Այդ նիւթերը կը լրացնեն մեր պատկերացումները Ք. Ա. 6-րդ հազարամեակի առաջին քառորդի՝ նոր քարի դարու մասին։ Այս տարի եւս հնավայրէն հետաքրքրական նիւթեր հանած ենք» նշեց հնագէտը՝ աւելցնելով, որ Ք. Ա. 6-րդ հազարամեակին Արարատեան դաշտի այդ հատուածներուն մէջ լիճ եղած է, եւ այդ լճի ափին գտնուող բնակավայրերուն մէջ ալ կ՚իրականացուին պեղումները։

Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի տնօրէնը ըսաւ, որ այս տարուան գտածոները առաւել փաստ են, որ այս ժամանակահատուածին մարդիկ զբաղած են ձկնորսութեամբ, կաշիի եւ մետաղի մշակմամբ, հագուտ կարած են։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017