ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Երեւանի մէջ երէկ հանդիսաւոր երեկոյթով մը բացուեցաւ Արամ Խաչատուրեանի հինգերորդ միջազգային փառատօնը։ Այս տարուան փառատօնը ձօնուած է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեայ յոբելեանին։ Բացման համերգին ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը, որու գեղարուեստական ղեկավարն է Սերկէյ Սմբատեան։ Նուագախումբը կատարումներ ունեցաւ Հոլիվուտի յայտնի անուններէն Ճոն Մալքովիչի մականին ներքեւ։ Երաժշտասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս ձեռնարկին նկատմամբ եւ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին արուեստագէտները։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017