ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՀԱՐԹԱԿ

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը այսօր կ՚եզրափակուի Երեւանի մէջ։ Երէկ այս գագաթաժողովի ծիրէն ներս ընթացիկ նիստերուն առընթեր տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկկողմանի հանդիպումներ ալ ունեցան գագաթաժողովին առթիւ Երեւան մեկնած բազմաթիւ օտար ղեկավարներու հետ։ Իսկ երեկոյեան, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ փառաշուք կալա-համերգ մը, որու եզրափակիչ փուլը ձօնուած էր նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։ Նոյնպէս երէկ, նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այցելեցին Երեւանի «Ազնաւուր» կեդրոնը։

ՄԱՔՐՈՆԻ ԵԼՈՅԹԸ

Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն գագաթաժողովի բացման ունեցած ելոյթին մէջ ըսաւ.

«Իմ առաջին բառերը կ՚ուզէի ուղղել Ձեզի, պարոն վարչապետ,
շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար։ Կ՚ուզէի նաեւ շնորհաւորել 
Ձեզ այս վեհաժողովի լաւագոյնս կազմակերպութեան համար։ Դուք գիտէք, թէ ձեր երկիրը ինչ բարձր տեղ կը գրաւէ ֆրանսացիներու սրտերուն մէջ։ Փարիզի, Մարսէյլի, Լիոնի մէջ կամ այլուր Հայաստան անունը շատ նուրբ եւ յուզիչ զգացումներ կը յառաջացնէ ֆրանսացիներու հոգիին մէջ»:

Ֆրանսայի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ առասպելական երգիչ Շարլ Ազնաւուրին՝ ընդգծելով, որ ան Հայաստանի, Ֆրանսայի, ֆրանսախօսութեան խորհրդանիշն է: «Ան երգի հսկայ տաղանդ մըն էր, որ կ՚երգէր երջանկութեան, դժբախտութիւններու, կեանքի նկատմամբ մեր թեթեւ մօտեցումներուն մասին։ Ան կ՚երգէր յատուկ թախիծով մը, որ իւրայատուկ է պանդխտութեան մէջ ապրող մարդոց։ Մենք բոլորս գիտենք, որ ան հայ էր, կ՚երգէր եւ կը պահպանէր իր հայկականութիւնը, կը խրախուսէր քաջութիւնը։ Ամբողջովին ճանչնալով այն մեծ ոճիրը՝ ցեղասպանութիւնը, որու զոհն էր նաեւ ինքը, ես կ՚ուզեմ հնչեցնել այդ մեծ մարդուն անունը՝ Շարլ Ազնաւուր», ըսաւ Մաքրոն:

Անդրադառնալով Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին՝ Ֆրանսայի նախագահը շեշտեց, որ Երեւանի մէջ այսօր մեծ ընտանիք մը հաւաքուած է, ընտանիք մը, որ կ՚ընդգրկէ բոլոր ցամաքամասերը: «Մենք բոլորս կը պատկանինք այդ ընտանիքին, նոյնիսկ եթէ չունինք նոյն մորթի գոյնը, մեր աստուածները չեն կրեր նոյն անունները եւ ոմանք ալ չեն հաւատար Աստուծոյ։ Մենք կ՚ապրինք կլիմայական շատ տարբեր պայմաններու մէջ, մեր երգերը նման չեն իրարու։ Մենք ունեցած ենք նաեւ վէրքեր, որոնք նոր կը սկսին սպիանալու։ Բայց եւ այնպէս, այս բազմազան ընտանիքը միասնական է՝ համախմբուած՝ մէկ լեզուի շուրջ։ Այս լեզուն մենք կ՚ընկալենք եւ կ՚արտայայտենք բազմազանութեամբ, սակայն բոլորս զիրար կը հասկնանք։ Այս լեզուն չի պատկանիր ոեւէ մէկուն, ան բոլորի՛նն է։ Այս լեզուն կրցած է ընդունիլ բոլորին միտքերը։ Մեր կապը կ՚արտայայտուի ոչ միայն այս լեզուին միջոցով, այլեւ աշխարհին ուղղուած մեր տեսլականով։ Մեր տեսլականը պարբերաբար կը վերիմաստաւորուի եւ կը թարմացուի։ Եղբայրութիւնը, խաղաղութիւնը, արդարութիւնը կը կազմեն մեր կազմակերպութեան հիմնաքարերը», ըսաւ նախագահ Մաքրոն:

Ան աւելցուց, որ Ֆրանսախօսութեան երեւանեան վեհաժողովը կը կազմակերպուի իւրայատուկ պահու մը, երբ աշխարհի վրայ տեղի կ՚ունենան հսկայական փոփոխութիւններ: Ըստ Ֆրանսայի նախագահին՝ աշխարհը այսօր լեցուն է սուտով, ատելութեան քարոզչութեամբ եւ այն կանոնները, որոնց շուրջ կարելի կ՚ըլլար համախմբուիլ վերջին տասնամեակներուն՝ այլեւս չեն գործեր: «Ի՞նչ կրնայ ընել ֆրանսախօսութիւնը այս իրադարձութիւններու ընթացքին։ Այն ինչ որ պէտք է ընենք, հետեւեալն է՝ ստեղծել բոլորը սթափութեան հրաւիրելու իրավիճակ։ Ֆրանսախօսութիւնը պէտք է ըլլայ այն հարթակը, ուր կ՚արտայայտուի համախմբուած սթափութիւնը», եզրակացուց ան: Ըստ Մաքրոնի՝ պէտք չէ, որ ֆրանսախօսութիւնը ըլլայ այն հարթակը, ուր կը հնչեն դատարկ բառեր, այլ՝ հարթակը այն արժէքներուն, որոնց շուրջ իրենք միացած են:

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

«Ապրիլ միասին» գագաթաժողովի բացման փուլին ունեցած ելոյթին մէջ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ըսաւ հետեւեալը.

«Այսօր կ՚ուզեմ վերստին ըսել, որ Հայաստանի համար մեծ պատիւ է, որ այս վեհաժողովին կազմակերպումը վստահուած է Հայաստանին։ Այդ առընչութեամբ մենք լիովին կը գիտակցինք մեր վրայ դրուած պատասխանատուութեան եւ կ՚ուզենք, որ այդ իրադարձութիւնը բոլորի յիշողութիւններուն մէջ մնայ իբրեւ Կազմակերպութեան էական կեանքի բացառիկ պահերէն մէկը, ինչպէս նաեւ հանդիսանայ ֆրանսախօս երկիրներու համակեցութեան եւ համերաշխութեան կարեւոր դրսեւորում։ Հայաստանը Ֆրանսախօս երկիրներու երիտասարդ անդամ է. դէտի կարգավիճակով անդամակցութենէն ի վեր անցած է ընդամէնը 15 տարի, մինչդեռ մշակութային եւ լեզուական բազմազանութեան, ֆրանսերէնի եւ Ֆրանսախօս երկիրներու հիմնական արժէքներու խթանման անոր յանձնառութեան ապացոյցի կարիք չկայ։ Հայաստանը հպարտ է Ֆրանսախօս երկիրներուն անդամակցութեամբ, որ համագործակցութեան, երկխօսութեան եւ փոխանակումներու ընդարձակ տարածք մըն է եւ բազմազանութեան ու համերաշխութեան նկատմամբ յարգանքի մթնոլորտի մէջ Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններն ու կառավարութիւնները կը համախմբէ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց յարգանքի շուրջ։ Մենք իրապէս հաւատարիմ ենք մեզ միաւորող այդ կապերու բնոյթին, որոնք այնքան լաւ կը բնորոշուին «Ապրիլ միասին Ֆրանսախօս երկիրներու մէջ» գաղափարախօսութեամբ։ Անոնք միասին կը կազմեն այդ համընդհանուր բարիքը, այդ հարստութիւնը, զորս մեզի համար կարեւոր է պահպանել ամէն գնով, այդ մեծ առիթը՝ Ֆրանսախօս երկիրներու ամբողջ տարածքին համար։ «Ապրիլ միասին՝ յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք Ֆրանսախօս երկիրներու տարածքաշրջանէն ներս». ա՛յս է Հայաստանի կողմէ առաջարկուած թեմային նշանակութիւնը, որ պիտի արտացոլուի նաեւ մեր աշխատանքներուն մէջ»:

Դիմելով Ֆրանսախօս երկիրներու անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն՝ ան նշեց, որ ուրախ է զանոնք ողջունելով Հայաստանի ու 2800-ամեայ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

«Ես եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը ուրախ ենք Երեւանի մէջ հիւրընկալելով ֆրանսախօս պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ վեհաժողովը։ Կը մաղթեմ բարի գալուստ Հայաստան. Քրիստոնէութեան բնօրրան, հազարամեակներու պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող յաւերժական Հայաստան, որ այս ամիս կը նշէ իր մայրաքաղաք Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակը։ Իրական, ամուր ինքնութիւն, ստեղծարար ներուժ, ուժգնութիւն ունեցող Հայաստան, որ ապրած է 1915 թուականի ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը եւ այսօր կը յառաջանայ՝ վստահ քայլերով դէպի ապագայ։ Այս նոր Հայաստանը, որ կ՚առաջնորդուի «Թաւշեայ յեղափոխութեան» գաղափարներով, այս քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական շարժումով, որ առաջ տարուած է հայ երիտասարդներու եւ կիներու կողմէ, որոնք յաջողած են ամբողջ բնակչութեան հետ կիսել իրենց «Միասին ապրելու» կամքը ազատ, արդար եւ համերաշխ հասարակութեան մէջ», նշեց վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ մարդկութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն՝ պետութիւններու ղեկավարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերուն վրայ:

«Երեւանի վեհաժողովը անդրադարձ պիտի կատարէ նաեւ մեզի սպառնացող շարք մը մարտահրաւէրներուն, ինչպէս՝ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցերը, ահաբեկչութեան եւ կենսոլորտի փոփոխութիւններու դէմ պայքարը կամ գաղթականութեան խնդիրը, որոնք այդքան մեծ մարտահրաւէրներ են մեր մոլորակին համար։ Մենք վստահ ենք, որ համամարդկային նշանակութեամբ այս մարտահրաւէրներուն դէմ լուծումները պէտք է գտնուին բազմակողմ հարթակով, քանի որ միասնական եւ համաձայնեցուած գործունէութեամբ, միջազգային համագործակցութեան միջոցով կարելի է արձանագրել յաջողութիւններ նշուած ոլորտներուն մէջ։ Պիտի ուզէի յատկապէս ընդգծել Ֆրանսախօս երկիրներու տարածքի խնդիրները եւ ճգնաժամերը, որոնց հանգուցալուծման համար Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը զգալի ջանքեր կը գործադրէ։ Անոնց շատ յաճախ կ՚ուղեկցին մարդկային իրաւանց եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լրջագոյն խախտումներ։ Մինչ մենք կը պատրաստուինք նշելու ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի պայմանագիրի ընդունման 70-ամեակը, մեր պարտքն է կրկնապատկել մեր ջանքերը՝ կանխելու նոր ցեղասպանութիւնները, պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները։ Այս հակամարտութիւններու հետեւողական գոյութիւնը նաեւ կը պարտաւորեցնէ մեզի վերահաստատելու ճանչցուած միջազգային բանակցային ձեւաչափերու ծիրէն ներս հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման մեր յանձնառութիւնը։ Ատիկա նաեւ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, որուն շուրջ բանակցային գործընթացը կ՚ընթանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի երեք համանախագահ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի համանախագահութեան ձեւաչափով։ Խօսքը արդէն տասնամեակներ տեւող եւ բազմաթիւ տառապանքներ պատճառած հակամարտութեան մասին է։ Հակամարտութիւնը հակադրութեան մէջ դրած է արդէն աւելի քան 25 տարի իր ինքնորոշման իրաւունքը իրականացնող Լեռնային Ղարաբաղն ու Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչներու հետ երկխօսութիւնը մերժող Ատրպէյճանը։ Մենք համոզուած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է որոշիչ ձայն ունենայ խաղաղ բանակցային գործընթացին մէջ եւ իր կարգավիճակը պէտք է որոշուի՝ հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի՝ իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող կամքի արտայայտման իրաւունքը։ Միեւնոյն ժամանակ, Լեռնային Ղարաբաղի համար առանցքային նշանակութիւն ունի անվտանգութեան հարցը։ Վերջինս այնքան յաճախ դարձած է իր իրաւունքներու ոտնահարման, խտրականութիւններու եւ վայրագութիւններու զոհ, որ երկխօսութեան եւ ուժի կիրառման կրկնուող փորձերը լուրջ վտանգի տակ կը դնեն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ֆիզիքական գոյութիւնն իսկ։ Մենք կը հաւատանք, որ խաղաղութեան միտուած մթնոլորտի ստեղծումը առանցքային է կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղման համար եւ մեր ողջ ջանքները ուղղուած են փոխվստահութեան միջոցներու շուրջ արագ եւ համապարփակ համաձայնութիւններու ձեռքբերումը խրախուսելու գործին, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին հակամարտութեան բոլոր կողմերու բնակչութիւնները խաղաղութեան պատրաստելու համար», նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան, իր ելոյթը եզրափակեց դիմելով Ֆրանսախօս երկիրներու անդամ պետութիւններու երիտասարդներուն. «Ես կ՚ուզեմ ըսել ձեզի, որ մենք կարեւոր կը համարենք ձեր նպաստը եւ կոչ կ՚ընենք համախմբուելու մեզ միաւորող «Ապրիլ միասին» գաղափարի արժէքները կիրարկելու՝ մեզի հետ միասին նպաստելով աւելի արդար ու հանդուրժող աշխարհի կերտումին»։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2018