Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ԿԱՐԷՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱՅԼ ՆՈՒԱՃԵՑ
Պատանեկան ողիմպիական խաղերու ծիրէն ներս Հայաստան նուաճեց ոսկէ մետայլ մը։ Այս տարի երրորդ անգամ տեղի կ՚ունենան այս ամառնային ողիմպիականները, որոնց ընթացքին 77 քիլօկրամի դասաւորման մէջ Հայաստանը ներկայացնող ծանրաբարձ Կարէն Մարգարեան արժանացաւ ոսկէ մետայլի։
Հայաստանի ներկայացուցիչ մարզիկները այս մրցաշարքի ընթացքին հանդէս կու գան եօթ մարզաձեւերու մէջ. ինչպէս՝ ծանրաբարձութիւն, ըմբշամարտ, թեքուանտօ, ժուտօ, հրաձգութիւն, լող եւ գեղարուեստական մարմնամարզ։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2018