ՊՈԼԹԸՆ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան տարածքաշրջանային այցելութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Ռուսաստան եւ Հարաւային Կովկաս։ Հոկտեմբերի 20-ին պիտի սկսի Ճոն Պոլթընի ուղեւորութիւնը, որու ծիրէն ներս ան շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պոլթըն Մոսկուայի, Երեւանի, Թիֆլիզի եւ Պաքուի մէջ պիտի տեսակցի իր պաշտօնակիցներուն եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Ան տեղեկացուց, որ իր այցելութեան նպատակն է անվտանգութեան շարք մը հարցերու շուրջ յառաջ մղել ամերիկեան շահերը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2018