ՖԷՆԷՐԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՐՈՒԵՑԱՒ ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ վերջին օրերուն կարեւոր որոշում մը առնուեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ տեսակէտէ։ Վերջին օրերուն տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններու արդիւնքով որոշուեցաւ հաւանութիւն տալ Ուքրայնոյ եկեղեցւոյ անկախացման։ Ինչպէս ծանօթ է, Ուքրայնոյ եկեղեցին երկար ժամանակէ ի վեր կը ձգտէր անկախանալ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիէն։ Մոսկուայի Պատրիարքութիւնը խստիւ կ՚ընդդիմանար ու նոյնիսկ Քիրիլ Ա. Ռուսաց Պատրիարքը այս հարցին շուրջ այցելած էր Ֆէնէր։

Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Էմմանուէլ Մետրապոլիտը երէկ տեղեկացուց, որ Ուքրայնոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ անկախութեան պահանջը յարմար դատած են։

Մոսկուայի Պատրիարքութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս որոշման եւ Ֆէնէրի մէջ առնուած որոշումը որակեց՝ տարանջատման օրինականացում։ Իր կարգին, Քիեւի Ֆիլարէթ Պատրիարքը յայտարարեց, որ չեն փափաքիր Ուքրայնոյ գործերու պարագային արտաքին միջամտութիւններ ընել։

Իր կարգին Ուքրայնոյ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոն ալ յայտնեց, որ այս որոշումը փուլ բերած է Մոսկուայի ցեղապաշտ ֆանթեզիները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2018