ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՂԷՏ

Արցախի ճակատին վրայ միշտ կը տիրէ լարուածութիւն։ Շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ գոյացած հրադադարի համաձայնութիւնը թէեւ որոշ չափով յոյս ներշնչած էր, սակայն, դժբախտաբար, յոռետես սպասումները արդարացան։ Առանց այդ ալ բաւական փխրուն հրադադարը կարելի չեղաւ գործադրել։ Անշուշտ, հրադադարի խախտումներու համար, հակամարտ կողմերը զիրար կը մեղադրեն, սակայն մարդասիրական աղէտը կը մնայ առկայ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակ կրակ եւ արցունք կայ։

Շաբաթ կէսօրուան ժամերուն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդած էին, որ հրադադարի համար որոշուած ժամուն արդէն Ատրպէյճանի զօրքերը կատարած են խախտումներ։ Հայաստանի Սիւնիքի մարզը թիրախաւորելու առընթեր, Ատրպէյճանի զօրքերը հրարադարի ժամէն անմիջապէս վերջ ներթափանցման փորձ մը կատարեցին դէպի Հադրութ։ Ատրպէյճանի աղբիւրներն ալ անմիջապէս հաղորդումներ կատարեցին, որ հայկական կողմը չի հնազանդիր հրադադարին։ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի պաշտօնական աղբիւրները վայրկեանը վայրկեանին կը հերքէին այդ բոլորը՝ հաղորդումները որակելով սուտ պնդումներ։ Հայկական կողմը այդ պնդումները կը համարէր՝ Ատրպէյճանի կողմէ նոր յարձակումներ իրականացնելու պատրուակ։ Պաքուի տարածած լուրերուն մէջ կը շեշտուէր, որ հայկական զօրքերը նոյնիսկ գիշերը խաղաղ բնակչութիւնը կը թիրախաւորեն։ Հրադադարի սկսած ժամերուն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ խստօրէն դատապարտելով հրադադարի տապալման ուղղեալ Ատրպէյճանի ջանքերը։ Նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Երեւան դիւանագիտական միջոցներով աշխատանք կը տանի հրադադարի համաձայնութիւնը կեանքի կոչելու համար։ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ արձագանգեց իրավիճակին ու տեղեկացուց, որ միայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումով կարելի է կասեցնել ուխտադրուժ Ատրպէյճանը։

Կողմերու հաղորդած հակադիր տուեալներու մթնոլորտին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի յայտարարութիւնը։ Արդարեւ, Կարմիր խաչը նախ տեղեկացուց, որ պատրաստ է կողմերուն աջակցիլ՝ զոհերու մարմիններու արտայանձնման եւ ազատազրկուածներու ազատման համար։ Աւելի վերջ, Կարմիր խաչը տեղեկացուց, որ մարդասիրական հրադադարի պահպանման կանոնները բաւարար չեն գործողութիւններու սկսելու համար։ Սա արդէն հերթական ապացոյցն էր դաշտի վրայ առկայ ծանր կացութեան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն ալ ստեղծուած իրավիճակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչներուն հետ։

Հրադադարի խախտումներու վերաբերեալ լուրերը զուգորդուեցան զգայացունց դրուագներով։ Արցախի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արտակ Բեգլարեան երէկ տեղեկացուց, որ հրադադարի համար նախատեսուած ժամկէտէն վերջ Ատրպէյճանի բանակի կրակով Արցախի խաղաղ բնակիչներէն հինգը արդէն սպաննուած է։ Ժողովուրդը մարդասիրական աղէտի դէմ յանդիման կը գտնուի։ Ըստ իրեն, Հադրութի մէջ բնակարանէ մը ներս Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ սպաննուած են կին մը եւ իր հաշմանդամ որդին։

Ճակատի յարափոփոխ իրադրութիւնը շաբաթավերջին կատարուած զանազան յայտարարութիւններուն վրայ անդրադարձաւ՝ որպէս անխուսափելի հակասութիւն։ Հրադադարի համաձայնեցուած ժամէն սկսեալ կատարուեցան հաղորդումներ խախտումներու վերաբերեալ։ Շաբաթ երեկոյեան ժամերուն Արցախի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան մասնաւորապէս յայտարարեց, որ Հադրութի մէջ իրավիճակը կը գտնուի պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան տակ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Ատրպէյճան զինուորներու դիակները վերցնելու թոյլտուութիւնը կ՚օգտագործէ նոր խափանարարութիւններ ընելու համար։ Ան երեկոյեան ժամերուն ալ շեշտեց, որ ըստ էութեան հրադադարը կը պահպանուի։ Բայց եւ այնպէս, աւելի ուշ յաջորդեց Ստեփանակերտի հրթիռակոծումը։ Արցախի նախագահի բանբերը՝ Վահրամ Պօղոսեան ուշ ժամերուն արձագանգ հանդիսացաւ այդ յարձակումներուն ու նշեց, որ անոնք անարգալից վերաբերմունք կը համարուին Մոսկուայի մէջ գոյացած համաձայնութեան դէմ։ Բանբերը աւելցուց նաեւ, որ պաշտպանութեան բանակը գերազանց կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրը։

Երէկուան օրն ալ սկսաւ խախտումներու վերաբերեալ լուրերով։ Ստեփանակերտի եւ Արցախի այլ քաղաքներու թիրախաւորման մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ ահազանգ հնչեցուց Լեռնային Ղարաբաղի վրայ կատարուած յարձակումներուն մասին։ Արծրուն Յովհաննիսեան ժամեր անց հաղորդեց, որ թրքական ռազմաօդանաւերը վերսկսած են ղեկավարել Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերու գործողութիւնները։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ աւելի վերջ դատապարտեց տարածքաշրջանէ ներս սադրիչ քաղաքականութիւնը։ Իսկ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Ատրպէյճան կը խախտէ հրադադարը ու պահանջեց, որ անշեղօրէն պահպանէ պարտաւորութիւնները։ Երէկ օրուան տեւողութեան հայկական կողմէն քանիցս հերքումներ հրապարակուեցան՝ Ատրպէյճանի զանազան շրջաններու թիրախաւորման վերաբերեալ հաղորդումներու դէմ։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ բախումներու խտութիւնը թէեւ որոշ չափով իջած է, մեծ տրամաչափով զէնքերու օգտագործումը որոշ չափով նուազած է։ Իր այս յայտարարութիւններէն վերջ, գիշերը դարձեալ հեռահար զէնքերով ռմբակոծուեցաւ Ստեփանակերտը։ Երէկ գիշերուայ զգայացունց հաղորդումներու շարքին հայկական լրասփիւռին վրայ ուշադրութիւն գրաւեց՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ շտապօգնութեան ինքնաշարժի մը թիրախաւորուած ըլլալը։ Պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ գիշերը ընդհանրապէս կայուն-լարուած իրավիճակ մը կար։ Յաջորդ քայլափոխին Վահրամ Պօղոսեան յայտարարեց, որ առաջնագծի զանազան ուղղութիւններով Ատրպէյճան վերստին նախայարձակ գործողութիւններու ձեռնարկած է։ Ներկայ պայմաններով բախումները մասնաւորապէս խտացած են ճակատի հարաւային ուղղութեան եւ Հադրութի վրայ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ազգային ժողովի խորհուրդին հետ նիստի մը մասնակցեցաւ։ Ներկայ էր նաեւ Զօհրապ Մնացականեան։ Քննարկուեցան պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն ու արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ առնուելիք նոր քայլերը։ Երեւանի կողմէ շաբաթավերջին պաշտօնապէս ի լուր աշխարհի մատուցուեցան նաեւ նոր փաստեր՝ Ատրպէյճանի բանակի շարքերէն ներս ներգրաւուած վարձկան ահաբեկիչներու մասին։

Երեւանի այս թէժ իրադարձութիւններուն առընթեր, Ստեփանակերտի մէջ ալ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ Արցախը կ՚իրականացնէ իր ինքնապաշտպանական իրաւունքը եւ Ատրպէյճանի մաս պիտի չկազմէ։ Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ Ստեփանակերտի մէջ չկայ հրթիռակոծման չենթարկուած հատուած մը։ Ան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու դերակատարութիւնը կարեւորեց բանակցութիւններու եւ հաշտութեան գործընթացի մէջ։ «Արցախի մէջ խաղաղ բնակչութեան բնաջնջման գործընթաց մը յառաջ կը տարուի», զգուշացուց Արայիկ Յարութիւնեան եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճան անթաքոյց ձեւով կ՚իրականացնէ միջազգային ահաբեկիչներու տարածքաշրջան ներթափանցումը։

Մինչ առաջնագծի բոլոր ուղղութիւններով Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներուն վերաբերեալ հաղորդումները չեն դադրիր, հայկական կողմը երէկ երեկոյեան հրապարակեց զանազան տուեալներ, ըստ որոնց Ատրպէյճանի բանակը ցարդ 4719 զինուոր կորսնցուցած է։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կորսնցուցած են նաեւ՝ 17 ռազմաօդանաւ, 16 ուղղաթիռ, 165 անօդաչու թռչող սարք, 510 հրասայլ եւ զրահապատ ինքնաշարժ, 4 «Թոս» համազարկային կայանք եւ այլն։

ԱԼԻԵՒԻ ԽՕՍՔԵՐԸ

Մոսկուայի մէջ ապահովուած հրադադարի համաձայնութենէն վերջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ շաբաթավերջին հանդէս եկաւ զանազան յայտարարութիւններով։ Ան չբացառեց Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցելու հաւանականութիւնը, սակայն անհրաժեշտ համարեց որոշ նախապայմաններ։ «Չեմ կրնար բացառել, սակայն այս փուլին նման հանդիպում մը արդիւնաւէտ չ՚ըլլար։ Ընդհակառակն՝ սա ապարդիւն կ՚ըլլայ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է հասկնայ, որ Ատրպէյճանի հետ կարելի չէ խօսիլ վերջնագրերու, սպառնալիքներու եւ վիրաւորանքներու լեզուով», ըսաւ Ալիեւ։ Ռուսական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ ան նշեց, որ իր երկիրը պատրաստ է «վաղն իսկ» ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու Հայաստանի հետ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ։ «Ռազմական մասը կամ անոր առաջին մասը մօտեցած է իր աւարտին։ Այժմ մենք հասած ենք քաղաքական փուլին, որ կ՚ապահովէ հասնիլ մինչեւ վերջ եւ ստանալ այն ինչ, որ իրաւունքով մեզի կը պատկանի», ըսաւ Ալիեւ։  Բաց աստի, նոյն հարցազրոյցին մէջ ան նշեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդ երկիրներու կազմը պէտք է փոխուի։ Ըստ իրեն, գործընթացին մէջ Թուրքիոյ դերը պէտք է ամրապնդուի։ «Եթէ մենք կը փափաքինք լուծել հակամարտութիւնը, ապա ան պէտք է լուծուի նոր ձեւաչափի մը շրջանակին մէջ», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ Թուրքիա պէտք է մեծ դեր խաղայ կարգաւորման գործընթացէն ներս։ «Թէ ի՞նչ ձեւով՝ իրաւական կամ գործնական, սա արդէն թեքնիկ հարց մըն է», ըսաւ ան։

Ալիեւի այս խօսքերուն զուգահեռ՝ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու միջոցաւ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է վերադարձուի իր բուն տիրոջ։

Թրքական լրատուամիջոցներն ալ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան Ատրպէյճանի աղբիւրներու՝ Հայաստանի կողմէ հրադադարի խախտումներու վերաբերեալ հաղորդումներուն։ Մամուլի հրապարակումներու թոնին մէջ հրադադարի վերաբերեալ մօտեցումը բաւական ցուրտ է։ Թեքնիկ հրադադար մը կ՚որակուի կողմերու միջեւ համաձայնեցուածը։ Թերթերը կը գրեն Ատրպէյճանի զօրքերու նուաճումներուն մասին։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը երէկ գրեց, որ Ատրպէյճանի բանակը ցարդ Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու մակերեսին մէկ քառորդը ազատագրած է։ Հայաստանի բանակի ծանր հրետանիի շուրջ 60 տոկոսն ալ ոչնչացուած է։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Մոսկուայի մէջ շաբաթավերջին ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնը միջազգային գետնի վրայ ալ ստեղծեց լայն արձագանգ։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի այս կապակցութեամբ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ռուհանի աջակցութիւն յայտնեց հրադադարի համաձայնութեան համար։ Ըստ իրեն, Թեհրան վտանգաւոր կը համարէ հակամարտութեան գօտիէն ներս ահաբեկիչներու գոյութիւնը։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Անոնք տեղեկացուցին, որ կողմերու հետ կ՚աշխատին հրադադարի յստակ չափորոշիչներու համաձայնեցման համար։ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը ողջունելի համարելով՝ անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի կողմերը ամբողջութեամբ կատարեն իրենց վիճակած պարտաւորութիւնները։ Միջնորդները կարեւորեցին նաեւ բանակցութիւններու միջոցաւ լուծման հասնիլը։

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Ալպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Էտի Ռաման ալ յոյս յայտնեց, որ հրադադարի համաձայնութիւնը ճանապարհ կը բանայ առարկայական բանակցութիւններու համար։ Ըստ իրեն, Մինսքեան խմբակի համանախագահները պատրաստ են լուծման համար բոլոր ջանքերը գործադրելու։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄՈՍԿՈՒԱ

Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան այսօր այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր, հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։

Հարկ է նշել, որ Սերկէյ Լաւրով երէկ շաբաթավերջին համաձայնեցուած հրադադարի ընթացքին կապակցութեամբ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ թէ՛ Մնացականեանի եւ թէ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ռուսական աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս առթիւ բոլոր նախարարները ընդգծած են հրադադարը խստիւ պահելու անհրաժեշտութիւնը։ Լաւրով շաբաթավերջին նման բովանդակութեամբ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Կողմերը ընդգծեցին՝ Մոսկուայի մէջ շաբաթավերջին հրապարակուած յայտարարութեան դրոյթներու կատարման անհրաժեշտութիւնը։ Չավուշօղլու Լաւրովէն խնդրած է՝ հայկական կողմին փոխանցել հրադադարին հնազանդելու կարեւորութիւնը։

Մնացականեանի այսօրուան այցելութեան ընդառաջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կայունութիւնը իր երկրի առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուի։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020