ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄ
«Մենք այժմ կը գտնուինք Ատրպէյճանի՝ Հայաստան ներխուժման անմիջական սպառնալիքի տակ»: Սա կ՚ըսէ ո՛չ թէ որեւէ քաղաքագէտ կամ վերլուծաբան: Սա մէջբերում մըն է ԵՄ-ի մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեանի հարցազրոյցէն: Եւ դեսպանի ըսածը, ի հարկէ, 100 տոկոս ճշմարտութիւն է: Բալայեան կ՚առաջարկէ, որ Եւրոմիութիւնը Ալիեւի առջեւ վերջնաժամկէտ դնէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն իր զինեալ ուժերը դուրս բերելու համար, իսկ եթէ սա տեղի չունենայ, պատժամիջոցներ սահմանէ Ատրպէյճանի դէմ:
Ի հարկէ, հրաշալի կ՚ըլլար, եթէ Պրիւքսելի դիւանակալները մեր դեսպանի առաջարկը ընդունէին, բայց սա ինծի, ճիշդը ըսած, ֆանթաստիքի ոլորտէն կը թուի: ԵՄ-ի համար շատ աւելի կարեւոր է Ատրպէյճանի հետ աշխոյժ համագործակցութիւնը՝ քան Հայաստան պետութեան ճակատագիրը: Առաջին պարագային նիւթական շահեր են, երկրորդ պարագային՝ «լիրիք»: ԵՄ ինչպէս չկանխեց Արցախի հայաթափումը (ի հեճուկս Շարլ Միշելի «փայլուն» գործունէութեան), այնպէս ալ չի կանխեր Հայաստանի տարածք ներխուժումը, առաւել եւս չի նպաստեր այդ տարածքի 150 քառակուսի քիլօմեթրի ազատագրման: Դուք կ՚ըսէք՝ այնտեղ «միջազգայնօրէն ընդունուած» Ատրպէյճանի տարածք էր, այստեղ «միջազգայնօրէն ճանչցուած» Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք է: Բայց միթէ մենք վերջին տասնամեակներու ընթացքին չե՞նք համոզուած, թէ այդ «միջազգայնօրէն ճանչցուած»ը միայն բառեր են:
Արդեօք Ատրպէյճանի սպասուող յարձակումը կրնա՞յ կանխել Ռուսաստան: Եթէ ուշադիր կարդանք Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինի հարցազրոյցը (ո՛չ միայն թեքստը, այլեւ տողատակերը), ապա անոր ըսածներէն հնարաւոր չէ լաւատեսական հետեւութիւններ ընել: Եթէ դիւանագիտական լեզուէն թարգմանենք սովորականի, ապա Կալուզինի ըսածը այն է, որ 2021-2022 թուականներու՝ Հայաստանի տարածք Ատրպէյճանի ներխուժումը հետեւանքն էր Հայաստանի իշխանութեան դիրքորոշման՝ ներառեալ 2020 թուականին ամրագրուած սկզբունքներէն շեղումը, ՀԱՊԿ-ի դիտորդները մերժումը եւ ԵՄ-ի դիտորդները հրաւիրումը:
Նման պարագաներով անիմաստ է քննարկել, թէ նման եզրայանգումները որքա՞ն «արդար» կամ «բարոյական» են: Սա Ռուսաստանի դիրքորոշումն է, որ Ատրպէյճանի ներխուժման պարագային մեզի համար որեւէ լաւ բան չի խոստանար: Ռուսաստան, իմ տպաւորութեամբ, կ՚ուզէ, որ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունով միաւոր գոյութիւն ունենայ, բայց ան ըլլայ ամբողջութեամբ իր վերահսկողութեան տակ: Եթէ այդպէս չըլլայ, Ռուսաստան չ՚ունենար որեւէ շահագրգռուածութիւն: Արեւմուտքին, վերջին հաշուով, մէկ է: Իրան տեսականօրէն կ՚ուզէ, որ մենք անկախ պետութիւն ունենանք, բայց կը դժուարանամ ըսել, թէ յանուն այդ բանին ինչի՞ պատրաստ է:
Այս պայմաններուն ներքեւ մենք ունինք Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավար, որ Ատրպէյճանին յանձնած է Արցախը, ինչպէս նաեւ 150 քառակուսի քիլօմեթր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն: Կը պատրաստուի յանձնել նաեւ այդ նոյն տարածքի, այսպէս կոչուած, «անքլաւները»: Սա միջազգային խաղացողներու համար որոշ ուղերձ է: Մեզի համար՝ խիստ անբարենպաստ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի