ՀԲԸՄ-Ի 93-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը կ՚ընթանայ Նիւ Եորքի մէջ, ուր երէկ օրուան տեւողութեան բազմակողմանի ու խտացեալ աշխատանք ծաւալուեցաւ, իսկ այսօր ծրագիրը կ՚եզրափակուի՝ բուն ընդհանուր ժողովի գումարումով հանդերձ։
Մենհեթթընի «Մենտըրին Օրիէնթըլ» պանդոկին մէջ երէկ ընդհանուր ժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ պատգամաւորներու առաջին հաւաքը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ ընտրեալ-նախագահ Սեմ Սիմոնեան միասնաբար մասնակցեցան աշխատանքներուն։ Աշխարհատարած կազմակերպութեան Նիւ Եորքի քարտուղարութեան անդամներուն, կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, բազմաթիւ հիւրերուն առընթեր ժողովին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ երկիրներու մասնաճիւղերէն եւ շրջանակներէն ներկայացուցիչներ։ Պատգամաւորական հաւաքին ընթացքին ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան շուրջ ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ եւ ծաւալուն զրոյց մը տեղի ունեցաւ բազմամեայ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ, որ այսօր պաշտօնապէս իր հերթը կը փոխանցէ Սեմ Սիմոնեանին։
93-րդ ընդհանուր ժողովի առաջին օրուան աշխատանքային ծրագիրը ընդգրկեց նաեւ «ԱՊՐԻ Հայաստան»ին ֆորումը, որ բազմակողմանի եւ շատ հետաքրքրական քննարկումներու թատերաբեմը հանդիսացաւ։
Այս բոլորէն վերջ, ՀԲԸՄ-ի համագումարին մասնակիցները օրուան աւարտին մասնակցեցան «Արուեստ. կշռոյթներու եւ համերու երեկոյթ»ին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի «Harold Pratt House» պատմական ապարանքի երդիքին տակ։ Այս երեկոյթի ընթացքին պատմական առանձնատան զանազան բաժիններէն ներս նոյնաժամանակ հանդէս եկան հայ արուեստագէտներ, որոնք զանազան ոճերու երաժշտական կատարումներով հետաքրքրական համադրութիւն մը ստեղծեցին։ Այս երեկոյթին առթիւ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ընդհանուր ժողովի մասնակիցները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։
ՀԲԸՄ-ի 93-րդ ընդհանուր ժողովին աշխատանքները այսօր կ՚եզրափակուին։ Մենհեթթընի «Մենտըրին Օրիէնթըլ» պանդոկին մէջ կը գումարուի բուն ընդհանուր ժողովը, որուն համար նախատեսուած է գրեթէ ամբողջ աշխատանքային օր մը։ Երեկոյեան ալ եզրափակիչ պաշտօնական ընթրիքը տեղի կ՚ունենայ։ Այս հաւաքոյթը առիթ կը հանդիսանայ Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան ամոլի մեծարման։ Արդարեւ, Պերճ Սեդրակեան վերջին քսաներկու տարիներուն եղած է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահը, իսկ ընդհանրապէս այս կառոյցին ծառայութիւն կը մատուցէ շուրջ հինգ տասնամեակէ ի վեր։ Ուստի, ՀԲԸՄ-ի ընտանիքը որոշած է այս փուլին զինքը մեծարել, նաեւ այս պաշտօնական ընթրիքը կը բնորոշէ Սեմ Սիմոնեանի պաշտօնամուտը։