ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ գլխա­ւո­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տուի ի­րա­կա­նաց­նել լայ­նա­ծա­ւալ ու սաս­տիկ օ­դա­յին նոր գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Վեր­ջին օ­րե­րուն ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ պնդում­նե­րը հեր­քուե­ցան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ, սա­կայն ներ­կա­յիս ար­դէն օ­րա­կար­գի վրայ են զա­նա­զան լու­րեր, ըստ ո­րոնց բա­ւա­կան հա­սուն­ցած է օ­դա­յին լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թեան մը պատ­րաս­տու­թիւ­նը։ Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խէն պի­տի կա­տա­րուին այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ա­մե­րի­կեան եւ թրքա­կան ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քարն ալ այ­ցե­լած էր Ին­ճիր­լիք, ուր­կէ մին­չեւ Դեկ­տեմ­բեր խիստ հա­ւա­նա­բար սկսին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։

«CNN Türk»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, օ­դա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կրնան տե­ւել օ­րե­րով, շատ խտա­ցեալ ռմբա­կո­ծում­նե­րով։ Գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան նպա­տակն է մաք­րա­գոր­ծել Ճե­րապ­լուս-Ա­զէզ-Մա­րէ ա­ռանց­քը, ուր «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» խմբա­ւոր­ման կող­մէ կա­տա­րուած են կու­տա­կում­ներ։

Այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով հա­շուի կ՚առ­նուի նաեւ Սու­րիոյ կամ Ռու­սաս­տա­նի զօր­քե­րուն հա­ւա­նա­կան հա­կա­յար­ձա­կում­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար, գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լիք ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար ու­րիշ ռազ­մաօ­դա­նա­ւեր ալ պի­տի մաս­նակ­ցին ընդ­հա­նուր գոր­ծին։ Ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ Սու­րիոյ թիւրք­մէն­նե­րէն եւ ա­րաբ­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ ընդ­դի­մա­դիր զօր­քե­րը ցա­մա­քէն պի­տի տե­ւա­կա­նաց­նեն ի­րենց աշ­խա­տան­քը։ Անվ­տան­գու­թեան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Թուր­քիա ո­րե­ւէ ար­կա­ծախնդ­րու­թեան մէջ պի­տի չներ­քա­շուի։ Բայց եւ այն­պէս, ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րուն 25 տո­կո­սը յա­մե­նայն­դէպս պի­տի կու­տա­կուի սահ­մա­նին վրայ։ Ե­թէ ՓԵՏ-ի են­թա­կայ զօր­քե­րը փոր­ձեն յա­ռա­ջա­նալ դէ­պի Ա­րեւ­մուտք, ա­պա այդ պա­րա­գա­յին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ Թուր­քիոյ կող­մէ ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թեան մը վար­կա­ծը։  

Ըստ նոյն աղ­բիւ­րին, ե­թէ սահ­մա­նէն ան­դին, Քի­լի­սի եր­կայն­քով 40 քի­լօ­մեթր խո­րու­թեամբ եւ 110 քի­լօ­մեթր եր­կա­րու­թեամբ տա­րածք մը մաք­րա­գոր­ծուի «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» խմբա­ւո­րու­մէն, ա­պա ան­մի­ջա­պէս քայ­լե­րու պի­տի ձեռ­նար­կուի՝ քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դը պաշտ­պա­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Եօթ շրջա­նի մէջ Թուր­քիոյ կող­մէ պի­տի ստեղ­ծուին ճամ­բար­ներ, ո­րոնց պաշտ­պա­նու­թիւ­նը պի­տի վի­ճա­կի ոչ թէ թուրք զի­նուոր­նե­րուն, այլ տե­ղա­կան զօր­քե­րուն։

Միւս կող­մէ, G-20-ի շա­բա­թա­վեր­ջի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ Թուր­քիա բազ­մա­կող­մա­նի պատ­րաս­տու­թիւն­ներ կը տես­նէ՝ իր կող­մէ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուե­լիք Սու­րիոյ թղթած­րա­րին շուրջ։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը ծրագ­րէ այս շրջագ­ծով զգու­շաց­նել աշ­խար­հի ա­ռաջ­նորդ­նե­րը՝ գաղ­թա­կան­նե­րու հա­ւա­նա­կան նոր հոս­քի մը դէմ։ Այդ հա­ւա­նա­կա­նու­թեան կանխ­ման հա­մար Ան­գա­րա անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տէ մաք­րա­գոր­ծուած գօ­տիի մը ստեղ­ծու­մը, ինչ որ գաղ­թա­կան­նե­րու վե­րա­դար­ձին հա­մար եւս գե­տին պի­տի պատ­րաս­տէ։

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2015