ՅՍՏԱԿ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆրանց Թիմմերմանսը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետը այս առթիւ շեշտեց, թէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացէն ներս բանակցութիւններուն շրջագծով պէտք է քննարկման բացուին նոր գլուխներ։ Ըստ Տավուտօղլուի, երկրի նոր կառավարութեան ամենակարեւոր առաջնահերթութիւններէն մին Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամակցութիւնն է։
Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Նոյեմբերի 1-ին տեղի ունեցած ընտրութեան արդիւնքները, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացը, Սուրիայէն ծագած գաղթականաց խնդիրը, մուտքի դրութեան ազատականացումը, Կիպրոսի հիմնախնդրին շուրջ բանակցային գործընթացը, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան կողմէ հրապարակուած Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան յառաջընթացի տեղեկագիրը։
Ֆրանց Թիմմերմանս ընտրութիւններու արդիւնքին բերումով Ահմէտ Տավուտօղլուին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց Յունիսի 7-էն վերջ ապրուած իրադարձութիւններուն վրայ եւ ընդգծեց, թէ Եւրոմիութեան մօտ հասարակաց համոզում մը կը տիրէ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ։ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահը շեշտեց, թէ այս հնարաւորութիւնը պէտք չէ բաց թողուի։ Ըստ իրեն, վիզաներու ազատութեան նիւթին շուրջ բանակցութիւններուն շրջագծով արձանագրուած է զարգացում։
Զրոյցի տեւողութեան Վարչապետ Տավուտօղլու շեշտեց, թէ թուրք ժողովուրդը վերահաստատած է ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ իր հաւատքը՝ վերջին ընտրութիւններուն 85 տոկոս մասնակցութեան համեմատութեամբ։ Վարչապետը բացատրեց, որ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամը դառնալն է։ Հետեւաբար, ան փափաք յայտնեց, թէ անհրաժեշտ քայլերը առնուին՝ բանակցութիւններու շրջագծով նոր գլուխներու բացման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, անհասկնալի է, որ տակաւին բազմաթիւ գլուխներ բանակցութեան չեն բացուած՝ ուժանիւթի, դրամական քաղաքականութիւններու, արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նման բազմաթիւ բնագաւառներու պարագային, հակառակ անոր, որ այս ոլորտներուն մէջ գոյութիւն ունին համատեղ շահեր։ Ըստ Տավուտօղլուի, Թուրքիա պատրաստակամ է ամէն տեսակ ջանք գործադրելու՝ մասնակցութեան գործընթացին շրջագծով զարգացում ապահովելու առաջադրութեամբ։