ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Սա­տի Կիւ­վէն այս ա­ռա­ւօտ պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կեց Նո­յեմ­բե­րի 1-ին տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վերջ­նա­կան ար­դիւն­քը։ Այս­պէս, նոր խորհր­դա­րա­նին ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ 317 ա­թոռ։ Գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ-ն պի­տի ու­նե­նայ 134 տեղ։ ՀՏՓ պի­տի ու­նե­նայ 59 ե­րես­փո­խան, իսկ ՄՀՓ՝ 40։­

Ըստ պատ­կան օ­րէնսդ­րու­թեան, ընտ­րու­թիւն­նե­րու վերջ­նա­կան ար­դիւն­քի հրա­պա­րակ­ման յա­ջոր­դած հին­գե­րորդ օ­րը պէտք է գու­մա­րուի Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը։ Ուս­տի, Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նոր շրջա­նի ա­ռա­ջին նիս­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 17-ին, երբ ե­րես­փո­խան­նե­րը պի­տի կա­տա­րեն ի­րենց եր­դու­մը։

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2015