ԱՐԴԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եորքի մէջ գումարուած 89-րդ ընդհանուր ժողովին եւ հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած յոբելենական արարողութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, թէ՛ ընդհանուր ժողովին եւ թէ յոբելենական հանդիսութիւններուն պատուոյ հիւրն էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Ռուսաստանէն ու Մերձաւոր Արեւելքէն ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղերու ղեկավարներ, պատգամաւորներ, բարերարներ ու համակիրներ մասնակցութիւն բերին վերոյիշեալ հաւաքոյթներուն։ Ձեռնարկներու ընդհանուր կարգախօսն էր «Կլոպալ հայ ազգի», այսինքն իր ամբողջութեան մէջ հայութեան ամրապնդումը։ Այս շրջագծին մէջ կարեւորուեցաւ մեծարումը այն անհատներուն, որոնք բարի համբաւ կը բերեն հայ ժողովուրդին։ Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի միջեւ տարանջատումներն ու տարբերութիւնները պէտք է յաղթահարուին ու պէտք է ձեւաւորուի միասնականութիւն։ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ «Հարուըրտ» ակումբին մէջ, Նիւ Եորք։
Համագումարի արդիւնքին կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուեցան Էրիք Իսրայէլեան եւ Արմէն Սարգսեան։ Այս վերջինները երկու ծանօթ անուններ են եւ միջազգային մակարդակի վրայ հեղինակութիւն կը համարուին իրենց բնագաւառներէն ներս։ Այսպէս, Էրիք Իսրայէլեան Գալիֆորնիոյ համալսարանի «Տէյվիտ Կեֆըն» բժշկագիտութեան վարժարանէն ներս մարսողութեան հիւանդութիւններու բաժանմունքի համաղեկավարն է ու միեւնոյն ժամանակ գործունէութիւն կը ծաւալէ շարժանկարի աշխարհէն ներս՝ որպէս ժապաւէններու արտադրիչ։ Արմէն Սարգսեան, որ Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպանն է ներկայիս, միեւնոյն ժամանակ հիմնադիր-նախագահն է՝ Լոնտոնի «Եւրոասիական տան»։ Ան եղած է Հայաստանի նախկին վարչապետներէն։
Ընդհանուր ժողովը առիթ հանդիսացաւ պաշտօնապէս շեշտելու համար, որ ՀԲԸՄ պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը բերել ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին՝ անոնց զարգացման համար։
Իր խօսքին մէջ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան անդրադարձաւ անցեալ 110 տարիներուն ընթացքին հաստատութեան ունեցած ձեռքբերումներուն։ Ըստ իրեն, հայ ազգը ներկայիս կը գտնուի թէ՛ մեծագոյն հնարաւորութիւններու եւ թէ սպառնալիքներու հետ դէմ յանդիման։ Իր խօսքերով, տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական առումով Հայաստան հետզհետէ կը դառնայ աւելի խոցելի։ Աստիճանաբար կը տկարանան նաեւ Սփիւռքի յանձնառութիւնները։ Հետեւաբար, ըստ Պերճ Սեդրակեանի, այդ երկուքը այլեւս պէտք չէ իրարմէ անկախ կամ անջատ համարել։ Ապրելու տեսակէտէ հրապուրիչ Հայաստանն ու յանձնառու Սփիւռքը էապէս կախում ունին իրարմէ եւ անոնք այլեւս պէտք է դասուին մէկ ու միասնական։ ՀԲԸՄ այս շրջանին առաջնահերթութիւններ որդեգրած է՝ նպաստելու համար կլոպալ հայ ազգի բարեկեցութեան։ Իր խօսքերով, միջոցներն ու ուժանիւթը պէտք է օգտագործուին նպատակասլաց եւ յստակ չափանիշներով։ Զուգահեռաբար պէտք է ամրապնդուին նաեւ կամաւորականներու ցանցերը։
Պերճ Սերդակեան իր ելոյթին ընթացքին կարեւորեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ համագործակցութիւնը եւ հայ աշխարհի բոլոր տարրերուն, խաւերուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումը։ Ի լրումն այս բոլորին ան կանգ առաւ միջազգային կառոյցներու հետ բազմակողմանի յարաբերութիւններու մշակման անհրաժեշտութեան վրայ։ Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց, որպէսզի հայ ազգի իւրաքանչիւր անդամ դառնայ «Կլոպալ հայ»։
ՀԲԸՄ-ի 89-րդ համագումարին շրջագծով «Հարըլտ Փրաթ» տան մէջ տեղի ունեցան շարք մը քննարկումներ՝ ասուլիսներու ձեւաչափով։ Մասնաւոր հետաքրքրութեան առարկայ դարձան տեղական մասնաճիւղերն ու անոնց զարգացման հեռանկարները եւ «Երիտասարդ արհեստավարժները»։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ Բարեգործականի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սերտ կապերուն վրայ։ Նորին Սրբութեան խօսքով եզրափակուեցաւ 89-րդ ընդհանուր ժողովը։ Ան այս առթիւ առանձնապէս կարեւորեց նոր սերունդի ուղղեալ աշխատանքներն ու ծրագրերը՝ հայապահպանութեան տեսանկիւնէն։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի կողմէ աշխարհատարած մասնաճիւղերով ծաւալուած աշխատանքը՝ հայոց ընդհանուր բարեկեցութեան տեսանկիւնէն։ Ան յայտնեց, որ ՀԲԸՄ-ի աւելի քան մէկ դարեայ գործունէութիւնը բարեզարդուած է ազգաշահ ու եկեղեցանուէր արգասալի իրագործումներով։ «ՀԲԸՄ միշտ եղած է ազգային մեր կեանքի հրամայականներու կեդրոնին, ընդառաջ գացած է ժամանակի պահանջներուն՝ աշխարհի բոլոր կողմերուն հաստատուած իր կառոյցներուն միջոցաւ սատարելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ծառայելով ի սփիւռս աշխարհի հայութեան համախմբման, նուիրուելով նոր սերունդի կրթութեան, հոգալով ազգային ու եկեղեցական մեր կեանքի շէնացման համար։ Իր գործունէութիւնը ծաւալելով ըստ էութեան Սփիւռքի մէջ՝ ՀԲԸՄ միշտ եղած է Մայր Հայրենիքի կողքին, սատարած է մեր եկեղեցւոյ միութեան վերահստատման ուղղեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ջանքերուն եւ զօրավիգ եղած ու նպաստած՝ անոր առաքելութեան արգասաւորման։ Բարօր ու ապահով հայրենիքի տեսիլքով ՀԲԸՄ մեծ աջակցութիւն բերած է Հայաստանի եւ Արցախի զօրացման ու յառաջընթացին, գնահատելի աւանդ՝ առողջապահական, կրթական, մշակութային, երիտասարդական ծաւալուն ծրագրերու հովանաւորութեան գործին մէջ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։