ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՒԱՔ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ 2016 թուականի վերջին հոգեւորականաց համագումարը, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ։ Ըստ Պըրպենքի առաջնորդարանի մամլոյ դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ ատենապետութեամբ Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեանի, Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց այս տարուան վերջին համագումարը, տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ, որուն մասնակցեցան աւելի քան երեսուն հոգեւորականներ:
Բանաւոր պատճառներով համագումարէն կը բացակայէին Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տեմիրճեան, Տ. Զաքարիա Քհնյ. Սարիբէկեան, Տ. Մամբրէ Ա. Քհնյ. Քեսապեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Առաքելեան, Տ. Վարդան Ա. Քհնյ. Գասպարեան, Տ. Դաւիթ Քհնյ. Զելվէեան, Տ. Զենոբ Ա. Քհնյ. Նալպանտեան, Տ. Ստեփանոս Քհնյ. Տինկիլեան, Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Թաթուլեան: Իսկ առողջական պատճառներով կը բացակայէին Տ. Նշան Ա. Քհնյ. Պէյլէրեան, Տ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Տեմիրճեան, Տ. Ստեփան Ա. Քհնյ. Տէր-Գէորգեան, Տ. Սուրէն Ա. Քհնյ. Ծատուրեան եւ Տ. Ղուկաս Քհնյ. Յակոբեան:
Նախքան համագումարին սկսիլը, Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ ժամերգութիւն։ Ապա Սրբազան Հօր հրաւէրով օրուան Աւետարանի ընթեցման մասին խորհրդածութիւններ կատարեց Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն քաջութեամբ շարունակելու իրենց հոգեւոր առաքելութիւնը՝ քարոզելու Աւետարանին լոյս պատգամները: Տէր Հայրը շուրջ երկու ամիս առաջ արկածի մը հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորած էր ոտքը, իբր այդ ալ Սրբազան Հայրը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց իրեն, որպէսզի վերադառնայ իր հոգեւոր ծառայութեան: Իր հերթին, Տէր Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնենց բոլոր հոգեւորականներուն՝ իրենց լուրջ հետաքրքրութեան եւ մատուցած աղօթքներուն համար:
Սրբազան Հայրը հոգեւորականներուն ներ-կայացուց Տ. Երեմիա Աբեղայ Աբգարեանը, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ իր հրաւէրով մի քանի ամիս առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ժամանած էր Արեւմտեան Թեմ՝ ուսանելու եւ ապա հովուական պաշտօն ստանձնելու համար թեմէն ներս:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ առաջին անգամ Արցախ կատարած իր ուխտագնացութեան, սահմանները պաշտպանող զինուորներուն եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովին, որ առաջին անգամ ըլլալով գումարուեցաւ Արցախի մէջ:
Առ ի գիտութիւն, այսօր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը օծումը պիտի կատարէ Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանի մէջ գտնուող Ս. Յակոբ մատրան, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Փեթոյեան:
Յառաջիկայ տարի պաշտօնապէս պիտի տօնախմբուի Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-րդ տարեդարձը, որ հոգեպէս պիտի զօրացնէ բոլորը՝ նոր ոգեւորութեամբ ծառայելու Աստուծոյ եւ հաւատացեալներուն:
Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 90-ամեակի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց Տիրան Աւագեան, որ ներկայացուց 2017 թուականին համար ծրագրուած ձեռնարկներուն ընդհանուր ցուցակը՝ շեշտը դնելով հոգեւոր առաքելութեան վրայ: Չորեքշաբթի, Մայիսի 3-ին, պիտի գումարուի Հոգեւորականաց համագումարը, 4-ին՝ Տիկնանց միութեան պատգամաւորական ժողովը, 5-ին՝ Թեմական պատգամաւորական 90-րդ ժողովը եւ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ մշակութային փառատօն եւ պիտի կատարուի թեմի 90-ամեայ գործունէութեան մասին վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւն: Իսկ Շաբաթ, Մայիսի 6-ին՝ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական ճաշկերոյթ եւ իննսուն զոյգերու գնահատում: Ծրագիրը պիտի շարունակուի տարբեր ձեւերով:
Թեմի 90-ամեակի բարեբաստիկ այս առիթով յառաջիկայ տարի Հոկտեմբեր ամսուան մէջ թեմ պիտի այցելէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
ՕՐԱԿԱՐԳ
ա- «Ուխտագնացութիւն դէպի Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճար» կամ «Ուխտագնացութիւն դէպի 1915-ի Սուրբ Նահատակներու մասունքներուն» (ծրագրի եւ գրքոյկի ներկայացում (Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան):
բ- Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 90-ամեակ (Տիրան Աւագեան):
գ- «Երիտասարդները դէպի եկեղեցի» (Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշ եւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան):
դ- Խորհրդաժողով. նիւթ՝ «Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը» (Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան):
ե- «Աստուածաշունչի հրատարակութեան 350-ամեակ» (Մաշտոց Չօպանեան):
զ- Տարեկան 20 կիրակիներ նուիրել յատուկ նիւթերու. «Ընտանիքներու օր, Ծնողներու օր, Տարեցներու օր, Զաւակներու օր, Կնքահայրերու օր, Բարիքներու օր» (Մաշտոց Չօպանեան):
է- «Նորոգութիւն Քրիստոսի գերեզմանին՝ Երուսաղէմ» (Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան):
ը- «Սուրիահայութիւն» (Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան):
թ- Տ. Մուշեղ Ա. Քհնյ. Թաշճեան, որ Սեպտեմբերի 19-29-ին քառասուն հոգիներէ բաղ-կացած ուխտագնացութիւն մը գլխաւորած էր դէպի Սուրբ Երկիր, մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց հոգեւորականներուն:
Իր փակման խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Արցախի օգնութեան համար Արեւմտեան Թեմը 500 հազար տոլարէն աւելի փոխանցած էր Մայր Աթոռի հաշիւին մէջ եւ թէ նուիրահաւաքը պիտի շարունակուէր: Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականներուն՝ իրենց ներկայութեան եւ մասնակցութեան համար: Օրհնեց զիրենք եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց հոգեւոր եւ դաստիարակչական առաքելութեան:
ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմը երկար տարիներէ ի վեր, սակայն յատկապէս 2003 թուականին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդ ընտրութենէն ի վեր, աւելի սերտ յարաբերութիւն ստեղծած է քոյր եկեղեցիներու եւ յարանուանութիւններու հետ եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ միջեկեղեցական յարաբերութեան ծրագիրներուն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեանը միջեկեղեցական յարաբերութեանց ժողովներու եւ ձեռնարկներու մասնակցութեան համար իր ներկայացուցիչը նշանակած է: Թեմը լիայոյս է, որ Հայր Սուրբը լաւագոյնս պիտի ներկայացնէ Արեւմտեան Թեմն ու Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: