ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՊՈՒՐԱԿ՝ ՋՐԱՌԱՏԻ ՄԷՋ

Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղին մէջ բացուեցաւ անմահ Սիլվա Կապուտիկեանին նուիրուած պուրակ մը։ Այսպէս, մեծանուն գրող Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղի Թաթուլ Խաչատրեանի անուան միջնակարգ դպրոցի բակէն ներս բացուեցաւ «100 ծառ՝ Սիլվա Կապուտիկեանին» պուրակը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ դպրոցի աշակերտները պուրակին մէջ տնկեցին ինչպէս զարդարային, այնպէս ալ՝ պտղատու ծառեր:

«Կապուտիկեան 40-ական թուականներուն աշխատած է Ջրառատի մէջ: Անոր մօրաքոյրը քառասուն տարի եղած է գիւղի դպրոցին տնօրէնը: Կապուտիկեանի յուշագրութիւններուն մէջ այստեղի աշխատանքի մասին ոչինչ կայ, բայց գիտենք, որ ան ամրան կու գար այստեղ հանգստանալու եւ ամբողջ գիւղը մեղուի փեթակի պէս կը հաւաքուէր անոր շուրջը», պատմեց Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանի վարիչ Արմենուհի Տեմիրճեան:

Անոր խօսքով՝ Կապուտիկեանի 100-ամեակի կապակցութեամբ շատ գաղափարներ պէտք է իրականացնել՝ գիրքեր հրատարակել, կը նախատեսուի կարճաժամկէտ ժապաւէն մը նկարահանել: «Մտածեցի, որ, բացի այս բոլորէն, անհրաժեշտ է նախաձեռնել ծրագրի մը, որ մարդը կը ջերմացնէ, որովհետեւ Կապուտիկեաննը արեւ էր բոլորիս համար», ըսաւ Տեմիրճեան եւ յաւելեց, որ հարիւրի փոխարէն երկու հարիւր ծառ տնկուած է:

Ծառատունկը իրականացնելէ յետոյ դպրոցին տնօրէնը՝ Դաւիթ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ մանկավարժական խորհուրդի որոշմամբ, դպրոցի հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասարաններէն մէկը կը կոչուի Սիլվա Կապուտիկեանի անունով: «Յուսամ՝ այդ դասարանէն կը հասնին նոր Կապուտիկեաններ»,  ըսաւ ան:

Այնուհետեւ դպրոցի ղեկավարութիւնը, աշակերտներն ու հիւրերը մասնակցեցան գեղեցիկ համերգային ծրագրի մը, որու ընթացքին  աշակերտները արտասանեցին Կապուտիկեանի ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ պարեր ներկայացուցին՝ անոր բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրուած երգերու ներքոյ: Ցուցադրուեցաւ «Սիլվա Կապուտիկեան. Մտորումներ» ներկայացումը:

Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի Մանկապատանեկան ստեղծագործութեան եւ գեղագիտական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Արթուր Սարգսեանն ալ նշեց, որ Կապուտիկեանի գործերը իմանալը երեխային հայրենասիրութիւն կը սորվեցնէ: «Ըստ իս՝ ան ամենայն հայոց բանաստեղծուհի է: Այնքան սէր, հզօրութիւն կայ անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Մենք պարտաւոր ենք  զանոնք սորվիլ», շեշտեց Սարգսեան:

Միջոցառումը տեղի ունեցաւ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, ՊՈԱԿ-ի մասնաճիւղի՝ Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանի նախաձեռնութեամբ, Արմաւիրի մարզպետարանի եւ Ջրառատի դպրոցի աջակցութեամբ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018