ԱՔԱՐ ԵՒ ՇՈՅԿՈՒ ՅՈՒՇԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ՝ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԴԻՏԱՐԿՄԱՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԸ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի յայտարարութեան զուգահեռ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքը արդէն կը տեղակայուի հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս։ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուս զինուորականները արդէն վերահսկողութիւն հաստատած են Լաչինի միջանցքէն ներս։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ հրապարակեց քարտէս մը, ուր կ՚երեւայ, թէ ռուս խաղաղապահները ինչպիսի աշխարհագրութեան մը մէջ պիտի գտնուին։ Լաչին-Լիսակոր ճանապարհի մէկ հատուածն ալ արդէն ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ է։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Խաղաղապահ զօրքերու հրամանատար Ռուստամ Մուրատովի հետ։ Քննարկուեցան խաղաղապահ ստորաբաժանման կողմէ առաքելութեան կազմակերպման եւ իրականացման վերաբերեալ հարցեր։

Խաղաղապահներու տեղակայման գործընթացին արձագանգեցին նաեւ ՄԱԿ-ի աղբիւրները։ Այսպէս, ՄԱԿ-ի մասնագէտները կոչ ուղղեցին, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս դուրս բերուին բոլոր վարձկանները։ Այս խնդիրը միշտ միջազգային օրակարգին վրայ էր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի մէկուկէս ամսուան ընթացքին։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Ռուսաստան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն փակ խորհրդակցութեան ձեւաչափով տեղեկութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու նպատակով ձեռք բերուած համաձայնութեան մասին։

Խաղաղապահներու տեղակայման զուգահեռ՝ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ալ սերտ շփումը կը շարունակուի։ Ազգային Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ քանի մը անգամ հեռախօսազրոյց ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Օրուայ աւարտին հաղորդուեցաւ, որ Աքար եւ Շոյկու յուշագիր մը ստորագրած են՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս հրադադարի վերահսկման ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի մը ստեղծման շուրջ։ Այդ կեդրոնը կը քննարկէ դժգոհութիւններն ու համաձայնութիւններու հաւանական խախտումներու վերաբերեալ խնդիրները։ Մոսկուա ցարդ զանազան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բերնով կը յայտարարէր, որ հրադադարի մասին յայտարարութիւնը չի նախատեսեր Թուրքիայէ խաղաղապահներու տեղակայումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Յամենայնդէպս, այժմու ընթացքով յայտնի կը դառնայ, որ խաղաղապահներու վերաբերեալ գործընթացի շարունակութեան իրադարձութիւնները կրնան ըլլալ Հայաստանի կամքէն անկախ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ խաղաղապահներու տեղակայման որոշման նախորդած է պատերազմի դադրեցման ուղիներու որոնման երկարատեւ ու լարուած գործընթաց մը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ այս առաւօտ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ վաղը Ռուսաստանէն պատուիրակութիւն մը Թուրքիա պիտի այցելէ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ համատեղ դիտորդական կեդրոնի մը ստեղծման հարցը։ Ան նշեց, որ Անգարա կարեւոր կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ Մոսկուայի դիրքորոշումը։ 

Երէկ ԵԱՀԿ-ն ալ ողջունեց Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը։ Բաց աստի, հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի միջեւ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, քննարկուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հաւանական քայլերը՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական լուծման։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին Մինսքեան խմբակի համանախագահներու համատեղ ջանքերու շրջանակներէն ներս հաւանական ապագայ քայլերու վերաբերեալ։ Ըստ Մոսկուայի դիւանագիտական աղբիւրներուն, Լաւրով եւ Լը Տրիան նշեցին, որ այդ քայլերը պէտք է ուղղուած ըլլան տարածքաշրջանէ ներս իրադրութեան բարելաւման եւ հակամարտութեան վերջնական քաղաքական կարգաւորման։

Պաքուէն երէկ հերթական անգամ քննադատութիւն հնչեց Փարիզի հասցէին։ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմէն Հիքմեթ Հաճիեւ ֆրանսական իշխանութիւնները մեղադրեց կրկին հայամէտ դիրքորոշման մէջ ըլլալով։ Ան այս բոլորը ըսաւ՝ անդրադառնալով ֆրանսական կողմի նախընթաց օրուայ յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Հայաստանի շահերը պէտք է հաշուի առնուին այս գործընթացին մէջ։

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ տեղեկացուց, որ թեթեւութեամբ ի գիտութիւն ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կնքուած համաձայնագիրը։ Պերլինի ղեկավարութիւնը կ՚ողջունէ պատերազմի դադրիլը։ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Քրիստոֆէր Պուրկեր նշեց, որ հարկաւոր է մանրակրկիտ բանակցութիւններ վարել՝ խնդրի երկարաժամկէտ լուծումը գտնելու նպատակով։

Ռուսաստանի Պետական տումայի երեսփոխաններէն Վիթալի Միլոնով երէկ կայքէջի մը միջոցաւ բաժնեց իր դիտարկումները ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Իր բանաձեւումով, Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յաղթած է՝ դառնալով Թուրքիոյ նահանգ մը։ Ըստ իրեն, եթէ Ատրպէյճանի բանակը ինքնուրոյն պատերազմէր, ապա 100 մեթրէ աւելի չէր կրնար յառաջանալ։ Ուստի, իր կարծիքով, Ատրպէյճանի չի պատկանիր այն ինչ, որ գրաւուած է։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020