ՄԵԿՆԱԲԱՆՆԵՐ ԿԸ ՄԱՏՆԱՆՇԵՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ. «ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ ՉԻ ԼՈՒԾԵՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ, ՆԱԵՒ ՄԵԾ ՌԻՍՔԵՐ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԵՂԱՓՈԽԵԼՈՒ ՏԵՍԱԿԷՏԷ»

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատին վրայ հայկական կողմի կրած պարտութիւնը զանազան մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է։ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը երէկ հրապարակեց վերլուծութիւն մը, ըստ որու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թէեւ կը ձգտէր երկիրը տանիլ դէպի Եւրոպա, սակայն տարաւ սխալ տեղ մը եւ իր աշխատանքը յանգեցուց Հայաստանի ծանր պարտութեան։ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իրադարձութիւնները տակաւին երկար ժամանակ քննութեան առարկայ կը դառնան քաղաքական եւ ռազմական վերլուծաբաններու համար։ Մէկ օրուայ ընթացքին պատերազմը փոխուեցաւ խաղաղութեամբ, իսկ առաջնագիծը վերածուեցաւ Ռուսաստանի զինուորականներու տեղակայման վայրի։ «Bild» գերմանական պարբերականն ալ տեղ տուած է մեկնաբանութեան մը, ըստ որու աշխարհ, ԵԱՀԿ, Եւրոմիութիւնն ու ՆԱԹՕ-ն աչք փակած են Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վրայ։ «Այժմ հրադադարը կնքուած է՝ առանց Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի եւ առանց ԵԱՀԿ-ի, որ հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւններուն մասնակցած է 1992 թուականէն ի վեր։ Սա լիակատար ձախողում էր, ամօթ Գերմանիոյ համար՝ որպէս այսպէս կոչուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի անդամ։ Հաշուի առնելով բնակչութեան շրջանակէն ներս համաձայնագրի դէմ դժգոհութեան ալիքը՝ Փաշինեան դժուար թէ քաղաքական առումով վերապրի», նըշ-ւած է մեկնաբանութեան մէջ։

Միջազգային այս արձագանգներուն առընթեր, հայկական շրջանակներու մէջ ալ տաք խորհրդածութիւնները կը շարունակուին պատահածի մասին։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ յայտնեց. «Հիմնական դաւաճանը բոլորս ենք, որովհետեւ զինուորները առանձին թողած ենք»։ Ան աւելցուց, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ամենաուժեղ ստորաբաժանումները պատերազմի օրերուն հրաժարած են կռուելէ ու լքած ճակատը։ Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ այս բոլորի մասին ստիպ-ւած կ՚արտայայտուի ներկայիս։ Հարկ է նշել, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ալ կը պահանջուի Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը։ Յամենայնդէպս, հրադադարի համաձայնութիւնով արդէն այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծուած է, որ յառաջիկայ շրջանին դժուար թէ ազդու գործօն մը կարողանայ ըլլալ Արցախի իշխանութիւնը։

Յայտնի ընդդիմադիր գործիչ Միքայէլ Մինասեան, որ Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպանն է ու նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսան, երէկ զգայացունց պնդումներ օրակարգի վրայ բերաւ պատերազմական գործողութիւններու օրերուն ապրուածներուն շուրջ։ «Յարգելի սպաներ, պատմեցէք՝ ինչպէս Նիկոլը մերժեց զօրավար Խաչատուրովի յառաջխաղացման ծրագիրը, որ պիտի փրկէր Շուշին։ Վիթալի Բալասանեանը պատրաստ էր ստանձնել Շուշիի պաշտպանութիւնը, բայց Նիկոլը արգիլեց», յայտնեց Միքայէլ Մինասեան։ Շուշիի պաշտպանութեան թերացումներուն վերաբերեալ վերջին օրերուն պնդումներ օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան, որ ձերբակալուեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ։ Իր կարգին, Վիթալի Բալասանեանն ալ երէկ հանդէս եկաւ այս բոլորի վերաբերեալ յայտարարութիւններով։ Ան Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղարներէն է եւ եղած է ազդեցիկ պետական գործիչ։ «Ըսել, որ Գագիկ Ծառուկեանի պատճառով Շուշին ինկած է, կը նշանակէ ծաղրել բանակը եւ ցոյց տալ, որ ոչինչ կը հասկնաս պատերազմէն», ըսաւ Վիթալի Բալասանեան՝ ակնարկելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին պնդումներուն։ «Պարզապէս անբարոյականութիւն է ըսել, որ Երեւանի գործարարը պէտք է գար իր ջոկատով ու փրկէր Շուշին։ Բանակը պէտք է պաշտպանէր Շուշին, այլ ոչ թէ անհատներն ու կամաւորները, որոնց պատճառով իբրեւ թէ ինկած է Շուշին», նշեց ան։ Բալասանեան բոլորին կոչ ուղղեց անյապաղ միանալ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ սկսած շարժումին։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն ալ նախընթաց օր հեռուստատեսութեան վրայ ըրաւ շարք մը յայտարարութիւններ։ Այդ բոլորը թէեւ այդքան համոզիչ չէին, սակայն նախարարի ըսածներու ամբողջին մէջ կ՚առանձնանար հանգամանք մը։ «Հայկական զինեալ ուժերը կռուած են սպառազինութեան մատակարարման ամբողջական շրջափակման պայմաններու ներքեւ», նշեց ան եւ իր այս խօսքերով յայտնի դարձաւ, թէ հայկական ստորաբաժանումները զէնքի եւ զինամթերքի թարմացման անկարելիութեան առջեւ մնացած են։

Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Սէյրան Օհանեանն ալ յայտնեց, որ հրադադարի համաձայնութիւնով շատ վատ փաստաթուղթ մը դրուած է հայ ժողովուրդի առջեւ եւ անոր պատասխանատուութիւնը պէտք է կրէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը։ Սէյրան Օհանեան, որ Արցախի հերոս է, մասնակցութիւն բերած է նաեւ վերջին պատերազմին։ Հայաստանեան թերթերէն մէկուն տուած հարցազրոյցին մէջ ան ըսած է հետեւեալը. «Բաւական բարդ ռազմաքաղաքական իրավիճակ ստեղծուած է տարածքաշրջանէ ներս Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ, զինեալ ուժերու ղեկավարութեան առաջարկով այդ պահու դրութեամբ ճիշդ էր պատերազմի կանգնեցումը։ Բայց, այս բոլորը կը վկայէ, որ ո՛չ թէ բանակը, այլեւ՝ պետութիւնը պարտուած է եւ շատ վատ փաստաթուղթ մը դրուած է հայ ժողովուրդի առջեւ։ Սա միանշանակ է եւ այս բանին պատասխանատուութիւնը պէտք է կրէ Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնը։ Պատասխանատուութեան չափն ալ թող որոշէ ժողովուրդը։ Որեւէ իրավիճակի մէջ կազմակերպուած պետական կառավարման գործունէութիւնը միակ ճանապարհն է դժուար իրավիճակէ դուրս գալու համար։ Ժողովուրդը բացատրութիւն կը պահանջէ եւ գործող իշխանութիւնները, Ազգային ժողովը պէտք է ժողովուրդին այդ բացատրութիւնը տայ՝ քանի որ մենք խորհրդարանական երկիր ենք»։

Փաշինեանի դէմ յառաջացած բողոքի ալիքի մասնակիցներէն Արա Զօհրապեան ընկերային ցանցերու վրայ երէկ հանդէս եկաւ ուշագրաւ մեկնաբանութիւնով մը, որով ամփոփ ձեւով բանաձեւուած են ապագայի վերաբերեալ առկայ բազում մտահոգութիւններ։ Այսպէս, ան գրած է հետեւեալը. «Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած փաստաթուղթը չի լուծեր Արցախի հիմնախնդիրը, ինչպէս նաեւ մեծ ռիսքեր կը պարունակէ Հայաստանի համար՝ ապագային պատերազմը Հայաստան տեղափոխելու տեսակէտէ»։ Ան նշած է, որ ինք քննադատած է նաեւ երկրի նախկին իշխանութիւնները ու ներկայիս ալ չի բաժներ Երեւանի մէջ հանրահաւաք կազմակերպած կուսակցութիւններու գաղափարները, առընչութիւն չունենալով անոնց կուսակցական շահերուն։ Ան հանրահաւաքի մասնակիցներուն կոչ ուղղեց հեռու մնալ բռնութիւններէ կամ ապօրինի գործողութիւններէ եւ պահպանել միասնականութեան ոգին։ Ակնարկելով վերջին իշխանափոխութեան օրերու իրադարձութիւններուն՝ ան նշեց նաեւ հետեւեալը. «Իրաւապահներուն կը յիշեցնեմ, որ երբ դուք Հանրային ռատիոյի շէնք ներխուժած քաղաքացիներու արարքին իրաւական գնահատական չտուիք, ըստ էութեան համարելով, որ արդար նպատակ ունեցած են, ապա ի գիտութիւն ընդունեցէք, որ այս հանրահաւաքի մասնակիցները նոյնպէս արդար նպատակ ունին»։

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարներէն Արմէն Ռուստամեանն ալ երէկ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հրաժարական տայ եւ պէտք է ստեղծուի հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ մը։ «Սա յեղաշրջման փորձ չէ, պատերազմ չկայ, Արցախի մէջ ենթակայութիւն է, իսկ Փաշինեան կ՚ուզէ պատերազմը տեղափոխել Հայաստան՝ իր իշխանութիւնը պահելու համար», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020