ՄՂՁԱՒԱՆՋԱՅԻՆ ՕՐԵՐ

«Այստեղ ապրելու իմաստ եւ ապագայ արդէն չկայ…»։ Երէկ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ինքնաշարժներով Արցախի եւ յարակից շրջաններէն գաղթելու ճանապարհին վրայ կ՚ըսէր ժողովուրդը։

Ռազմաճակատի ծանր ձախողումէն վերջ, հայութիւնը դէմ յանդիման մնացած է ստիպողութեան՝ համակերպելու համար այն իրողութեան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այլեւս գործնականօրէն գոյութիւն չունի։ Նախընթաց օրուան հրադադարի համաձայնութեան ստորագրումէն վերջ արդէն կը բանի օրացոյց մը։ Հայկական կողմը, Ռուսաստանի խաղաղապահներու տեղակայման զուգահեռ, կը պատրաստուի յանձնել Արցախի յարակից տարածքները։ Սա ծանր պարտաւորութիւններ կը բերէ իր հետ եւ ողբերգութեան համազօր է շրջանի բնակիչներուն տեսակէտէ, որոնք պարտաւորուած են այժմ իրենց հայրենիքը լքելու։

Ընդհանուր առմամբ, հայ իրականութեան տեսակէտէ մղձաւանջային օրեր են։ Երեւանի մէջ ամէնուրեք զգալի է անբացատրելի պոռթկում մը եւ չեն դադրիր հանրահաւաքները։ Հանրութիւնը բողոքի մատնուած կը պահանջէ կառավարութեան հրաժարումը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբը կը յամառի պահել իշխանութիւնը եւ այս առաւօտ անոր գլխաւորած «Իմ քայլը» քաղաքական ուժի խորհրդարանական խմբակցութեան յայտարարութիւնն ալ եկած է հրահրել բոլոր խնդիրները։ Ցասումի ալիք մը հետզհետէ կը մեծնայ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։ Ինչ արդարացումներ որ ալ ըլլան, աշխարհի որեւէ երկրի մէջ տուեալ պետութեան տեսակէտէ նման ծանր փաստաթուղթ մը ստորագրած ղեկավարը ինքնաբերաբար յաջորդ քայլափոխին ղեկավարելու բարոյական իրաւունքէն զրկուած կ՚ըլլայ։ Սա է քաղաքականութեան բնոյթը։ Յամենայնդէպս, տագնապը կանխելու ճանապարհին անհրաժեշտ է հաւաքական գիտակցութիւն եւ պաղարիւնութիւն։ Հայաստանի ընդդիմութիւնն ալ ներկայիս առկայ մթնոլորտը որոշ չափով վերածած է մօտաւոր անցեալի յեղափոխութեան եւ իշխանափոխութեան հաշուեյարդարի։ Ներքին քաղաքական ցնցումը յաղթահարելու, հնարաւորինս հարթ անցում մը կազմակերպելու տեսակէտէ այս բոլորը կը հանդիսանան արգելքներ։ Անորոշութեան հաւանական հետեւանքները, որոնք յղի են նաեւ քաղաքացիական պատերազմի մը, կը մտահոգեն աչալուրջ շրջանակները։ Արդարեւ, Հայաստանի վերջին շրջանի աննկարագրելի բեւեռացումները այս փուլին անխուսափելի դրսեւորումներ կ՚ունենան։ Ըստ Երեւանէ հասած լուրերուն, հանրահաւաքներու ժամանակ կը ձերբակալուին ընդդիմադիր գործիչներ, ընդհանրապէս, բոլորը սկսած են վերջնագրային ոճով խօսիլ իրարու հետ։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ հրաւիրած է ներկայանալ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Աւելի ուշ նոյն ծառայութիւնը հաղորդեց, որ այդ հրաւէրը անորոշ ժամանակով յետաձգուած է։ Վարչապետի հրաժարականի պահանջին զուգահեռ՝ ընդդիմութիւնը կը ջանայ ապահովել նաեւ, որ խորհրդարանը արտահերթ նիստ մը գումարէ։

Միւս կողմէ, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան երէկ տեղեկացուց, որ յանձնուելիք շրջաններու եկեղեցիներէն ու վանական համալիրներէն դուրս կը բերուին նուիրական արժէքները։ «Ժամանակ չունինք, յանձնուող շրջաններու եկեղեցիներէն ու վանական համալիրներէն պիտի հասցնենք հանել գոնէ ամենասուրբ մասունքները», տեղեկացուց նորին սրբազնութիւնը՝ աւելցնելով, որ այդ գործընթացը կը համակարգուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ։

Անոնք, որոնք դուրս կու գան Արցախէն ու յարակից շրջաններէն՝ առաջին հերթին կը հաստատուին Հայաստանի իրենց ընկերներու կամ բարեկամներու բնակարաններուն մէջ, մնացեալը ճշդելու համար աւելի վերջ…։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020