ՆԱԽԱԳԱՀ-ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկուած է երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Այլ մանրամասնութիւններ չեն տեղեկացուած։ Փաշինեան Հանրապետութեան նախագահին հետ տեսակցած է այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, երբ կը պահանջուի իր հրաժարականը։ Արմէն Սարգսեան այս շրջանին կ՚իրականացնէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարք մը։

Լրատուամիջոցները վերջին օրերուն կը հաղորդէին, որ ընկերային ցանցերու վրայ ուղիղ եթերներով հանդէս գալով հանդերձ, Նիկոլ Փաշինեանի ո՛ւր ըլլալը յայտնի չէ։ Տպաւորութիւն ստեղծուած էր, որ ան կը թաքնուի։ Նոյնիսկ շրջանառութեան մէջ դրուած էին կարգ մը պնդումներ, ըստ որոնց ան կը գտնուէր Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ։ Այս բոլորէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան այսօր արդէն ի յայտ եկած է՝ նախագահական ապարանքին մէջ տեսակցելով Արմէն Սարգսեանի հետ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020