ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ. ԴԷՊԻ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսը տեղեկացուց, որ երկրի իշխանութիւնը՝ «Իմ քայլը» աններելի յանցանք մը գործած է ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ։

Հայաստանի ներքաղաքական ծանր իրավիճակին մէջ, Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որ ա՛լ աւելի խորացուց ստեղծուած ցասումը։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսն ալ այդ յայտարարութեան արձագանգեց այս առաւօտ։ Այսպէս, «Իմ քայլը» խմբակցութեան յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ երկրի գործող իշխանութիւնը տակաւին չէ հասկցած, թէ ինչպիսի ահաւոր փորձանք մը բերած է Արցախի եւ Հայաստանի գլխին՝ աններելի յանցանք մը գործելով ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ։

«Իմ քայլը»ի յայտարարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, ակնյայտ կը դարձնէ, որ իշխանութիւնը բացարձակօրէն կը մերժէ Հայաստանի ներքին քաղաքական ճգնաժամի յաղթահարման սահմանադրական ճանապարհը եւ, փաստօրէն, որդեգրած է առճակատումը խորացնելու դիրքորոշում։ «Սա ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ՝ իբրեւ-թէ իր իսկ դաւանած սկզբունքներու՝ ժողովրդավարութեան եւ խորհրդարանականութեան կոպիտ ոտնահարում», նշուած է Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած քաղաքական շարժման յայտարարութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020