«ԱՐՄՍԱԹ-1»

Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան երէկ յայտնեց, որ «Արմսաթ-1» արբանեակի տիեզերք ուղարկման նպատակը չէ եղած երկրի բոլոր խնդիրներուն լուծումը։ Նախարարին խօսքով՝ արբանեակը ներկայիս կը գործէ շուրջ 500 քիլօմեթր բարձրութեան վրայ եւ լուսանկարահանումներ կը կատարէ։ Նախարարը բացատրեց, որ այս արբանեակը տիեզերական ոլորտէ ներս Հայաստանի գործունէութեան սկիզբը կը համարուի եւ կառավարման հմտութիւններ ձեռք բերելու կը ծառայէ։

«Մեր մասնագիտական խումբերը արբանեակի կառավարումը ամբողջութեամբ ստանձնած են։ Արբանեակը կը կատարէ տիեզերական լուսանկարներ յստակ լուծաչափերով», նշեց Մխիթար Հայրապետեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2024