ՆՈՐՈՎԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ղազախիստանի հիւրընկալմամբ, երէկ, Աստանայի մէջ վերսկսան Սուրիոյ տագնապի վերջնականօրէն լուծման ուղղեալ բանակցութիւնները։ Այս ձեւաչափէն ներս սա արդէն 22-րդ բարձր մակարդակի հանդիպումն է։ Բացի գործընթացի երաշխաւոր երկիրներէն՝ Թուրքիայէն, Ռուսաստանէն եւ Իրանէն, Սուրիոյ իշխանութիւններու եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներու ներկայացուցիչները քննարկումներ կը ծաւալեն՝ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Բանակցութիւններուն դիտորդներ կը մասնակցին նաեւ Յորդանանէն, Լիբանանէն եւ Իրաքէն։

Թուրքիան կը ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն դեսպան Մուսթաֆա Եուրտաքուլ։ Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու այս փուլին կը շօշափուին տարածաշրջանի անվտանգութեան, մարդասիրական ու տնտեսական կացութեան բարելաւման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը ճանապարհներ կ՚որոնեն՝ Սուրիոյ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ քաղաքական գործընթացի վերակենդանացման համար։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2024