Հինգշաբթի 5, Դեկտեմբեր 2024
ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ։ Բանակցութիւններու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ուքրայնայի իրավիճակը։ Մաքրոն եւ Սթարմըր քննարկեցին ձմրան ամիսներուն Ուքրայնայի նախապատրաստման աջակցելու հարցը։
Մտահոգութիւն յայտնելով Կազզէի եւ Լիբանանի կապակցութեամբ՝ անոնք ընդգծեցին Յորդանան գետի արեւմտեան ափին կայունութեան անհրաժեշտութիւնը։
Մաքրոն եւ Սթարմըր կանգ առին նաեւ ապօրինի գաղթականներու թիւի կրճատման անհրաժեշտութեան վրայ՝ մասնաւորապէս Լա Մանշի կտրուածքով։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2024