COP-29 ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ

Պաքուէ ներս արդէն ընթացքի մէջ է COP-29 կլիմայի գագաթաժողովը, որ կը համախմբէ ՄԱԿ-ի համապատասխան շրջանակային պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներու ղեկավարները։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ այս գագաթաժողովի մասնակից շարք մը ղեկավարներու հետ. ինչպէս՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ եւ այլն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս զրոյցներու ընթացքին ընդհանրապէս շօշափուած են Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին մանրամասնութիւնները։ Շարլ Միշել Իլհամ Ալիեւի հետ կանգ առած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վրայ՝ մանաւանդ, որ անցեալ շաբաթ Պուտափեշտի մէջ նոյն նիւթին շուրջ զրուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ «ԵՄ պատրաստ է աջակցիլ կայուն, խաղաղ ու բարգաւաճ Կովկասի ուղղեալ բոլոր ջանքերուն», նշած է Միշել։

Պաքուի գագաթաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2024