ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ԽՍՏԱՆԱՅ
Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ ստեղծուած բարդ իրավիճակը հետզհետէ կը ճիւղաւորուի՝ տարածքաշրջանէն ներս ստեղծուած իրադրութեան ու մանաւանդ Թուրքիա-Ռուսաստան լարուածութեան ազդեցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան սահմաններէն ներս հաստատուած Մուսուլի մերձակայ՝ Պաշիքայի ռազմախարիսխին մէջ Թուրքիա վերջերս կատարեց զօրքերու կուտակում։ Այս երեւոյթը տեղի տուաւ Պաղտատի կեդրոնական ղեկավարութեան բողոքին, մինչ քրդական ինքնավարութիւնը համամիտ է անոնց ներկայութեան, որովհետեւ թրքական ուժը կը մարզէ տեղւոյն փեշմերկէները՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նպատակով։ Վերջին օրերուն բազմակողմանի շփումներ տեղի ունեցան Անգարայի եւ Պաղտատի միջեւ, սակայն արդիւնքին, ըստ երեւոյթին, կողմերը չկրցան զիրար համոզել։ Երէկ հաղորդուեցաւ, թէ Իրաքի վարչապետը հրահանգ տուած է երկրի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ որպէսզի այս նիւթին շուրջ պաշտօնապէս գանգատ ներկայացնէ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին։ Պաղտատ որպէս պատճառաբանութիւն ցոյց կու տայ Թուրքիոյ կողմէ իր տարածքին դէմ կատարուած ոտնձգութիւնը։
Այս կապակցութեամբ երէկ վճռական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ «Եթէ Իրաք ի վիճակի չէ միջոցներ ձեռք առնելու ահաբեկչութեան սպառնալիքին դէմ, ապա մենք կ՚առնենք», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ անցեալ տարի Պաղտատի իշխանութիւններուն պահանջով թրքական զօրքերը ուղարկուած են Պաշիքա։ Նախագահը յիշեցուց, որ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը բռնագրաւումներ իրականացուցած է Իրաքի մէջ, սակայն Պաղտատի կեդրոնական ղեկավարութիւնը տակաւին որեւէ բան չէ կրցած ընել այս երեւոյթին դէմ։ Էրտողան Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի ալ մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն մը ունեցած է ՄԻԹ-ի խորհրդատու Հաքան Ֆիտանի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ, որոնք նախընթաց օր շփումներ ունեցած էին Պաղտատի մէջ։ Ան նշեց, թէ չափազանցուած են Պաշիքայի թուրք զին-ւորներու թիւին վերաբերեալ հրապարակումները։ Միեւնոյն ժամանակ ան կրկնեց, որ այս պահու դրութեամբ խնդրոյ առարկայ չէ թուրք զինուորներուն այնտեղէն ետ կանչուիլը։ Պաշիքայի մէջ մարզման աշխատանքները պիտի շարունակուին վճռական ձեւով՝ վերոյիշեալ պայմանաւորուածութիւններու շրջագծին մէջ։ Այնտեղ Թուրքիա չունի նախայարձակ զինուորներ, վերջին կուտակումները կատարուած են՝ Պաշիքայի մարզման ծրագրին մասնակից սպաներու եւ զինուորներու անվտանգութեան երաշխաւորման նպատակով։ Թուրքիա-Իրաք առանցքին վրայ այս ապրուածներուն զուգահեռ՝ Անգարա-Մոսկուա լարուածութիւնն ալ կը շարունակուի զանազան դրսեւորումներով։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդէս եկաւ շատ խիստ ելոյթով մը։ Ըստ իրեն, եթէ Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական զօրքերուն վերաբերեալ որեւէ սպառնալիք մը զգան, ապա նոյնիսկ պահուն պիտի փոխադարձեն շատ խիստ ձեւով եւ պիտի ոչնչացնեն այդ սպառնալիքը։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս բարձրաստիճան հրամանատարներու հետ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին Փութին թէեւ Թուրքիոյ անունը չտուաւ, սակայն ակնարկեց Սուրիոյ մէջ վար առնուած ռուսական SU-24 ռազմաօդանաւին։ Ան զգուշացուց հաւանական խափանարարութեան մը դէմ եւ ըսաւ, թէ յաջորդին ռուսական կողմին պատասխանը ծայր աստիճան լուրջ եւ խիստ պիտի ըլլայ։ «Սուրիոյ մեր ռազմաօդային խարիսխը ամրացուցինք յաւելեալ ռազմաօդանաւերով եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերով։ Մեր կործանիչները այլեւս գործողութիւնները կ՚իրականացնեն որսորդ-օդանաւերու ուղեկցութեամբ։ Լասքիէի օդային ռազմախարիսխի մերձակայքին անվտանգութեան միջոցները խստացուած են նաեւ ցամաքէն։ Հրահանգը տուած եմ։ Այնտեղ եթէ սպառնալիք մը կամ յարձակում մը ըլլայ, մեր պատասխանը շատ խիստ պիտի ըլլայ։ Նախայարձակը պիտի ոչնչացուի նոյն պահուն», ըսաւ Փութին։
Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկուն ալ ըսաւ, թէ երկու ամսուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ ձեռնարկուած գործողութիւններուն բերումով 214 հազար թոն զինուորական բեռ փոխադրած են դէպի Սուրիա։
Ի պաշտպանութիւն Վլատիմիր Փութինի, յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատ։ Ան ըսաւ, թէ Սուրիայէ ներս Ռուսաստանի գործողութիւնները կը նպաստեն Եւրոպայի պաշտպանութեան։ Ըստ Էսատի պնդումներուն, Փութին ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի փոխարէն ոչինչ պահանջած է Սուրիոյ իշխանութիւններէն։ Արդարեւ, սա առեւտուր չէ։ Երկու երկիրներու միջեւ բնականոն յարաբերութիւնները իսկապէս հիմնուած են ընդհանուր շահերու վրայ։ Էսատի խօսքերով, Մոսկուա կայունութիւն կը փափաքի Սուրիոյ, Իրաքի եւ ամբողջ տարածքաշրջանին մէջ։ «Մենք հեռու չենք գտնուիր Ռուսաստանէն, նաեւ Եւրոպայէն», ըսաւ Էսատ, որու համոզմամբ՝ Ռուսաստանի գործողութիւնները կը նպաստեն Եւրոպայի պաշտպանութեան։ Որպէս ապացոյց ան մատնանշեց Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական վերջին գործողութիւնները եւ աւելցուց, թէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը կ՚ազդէ նաեւ եւրոպական ցամաքամասին վրայ։
Այս մթնոլորտին մէջ Անգարա կը շարունակէ հաւասարակշռուած դիրքորոշում ցուցաբերելու Մոսկուայի դէմ ու միշտ կը հնչեցնէ պաղարիւնութեան կոչեր։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հերթական անգամ կրկնեց այդ մօտեցումները, սակայն յիշեցուց, որ Թուրքիոյ համբերութիւնն ալ անսահման չէ։ Ըստ իրեն, եթէ ցայսօր կատարուածները թողուած են անպատասխան, ապա սա չի նշանակեր, որ թրքական կողմը ունի վախ մը կամ մեղաւորի հոգեբանութեան մէջ է։ «Տեղի ունեցած է անբաղձալի դէպք մը, սակայն Ռուսաստան արդար չէ։ Մեր օդային մարզը խախտեց, սակայն տակաւին համբերութիւն կը ցուցաբերենք մեր յարաբերութիւնները նախկին վիճակին վերադարձնելու համար», ըսաւ Չավուշօղլու։