ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՓԵՔԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ վեր­ջին օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Փե­քին՝ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ցին­փի­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Փե­քի­նի մէջ Իլհամ Ա­լիեւ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ պե­տա­կան ա­րա­րո­ղա­կար­գով եւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Չի­նաս­տա­նի Ռեն­մի­նի հա­մալ­սա­րա­նին կող­մէ ի­րեն շնոր­հուե­ցաւ պա­տուա­կալ տոք­թո­րի կո­չում՝ պատ­մու­թեան վրայ։ Ա­զէ­րի ղե­կա­վա­րը ծաղ­կեպ­սակ մըն ալ զե­տե­ղեց ժո­ղովր­դա­կան հե­րոս­նե­րու յու­շար­ձա­նին մօտ։

Իլ­համ Ա­լիեւ եւ Սի Ցին­փին Փե­քի­նի մէջ ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը եւ գլխա­ւո­րե­ցին ընդ­լայ­նուած կազ­մով պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Բաց աս­տի, Պա­քուի եւ Փե­քի­նի մի­ջեւ ստո­րագրուե­ցան շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք կը նա­խա­տե­սեն երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցու­մը։ Ստո­րագ­րուած փաս­տա­թուղ­թե­րը կը վե­րա­բե­րին ար­դա­րա­դա­տու­թեան, քա­ղա­քա­շի­նու­թեան, օ­դագ­նա­ցու­թեան, բեռ­նա­փո­խադ­րու­թեան, տնտե­սու­թեան, ու­ժա­նիւ­թի եւ եր­կա­թու­ղիի բնա­գա­ւառ­նե­րուն։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, Չի­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Վան Ի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով ստո­րագ­րե­ցին «Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի տնտե­սա­կան գօ­տի»ի ստեղծ­ման խրա­խուս­ման վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը։ Ծա­նօթ է, որ Փե­քի­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն յա­ռաջ կը տա­նի նոր Մե­տաք­սի ճա­նա­պարհ մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղեալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015