ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՌԻԹ ՄԸ. ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ՄԵԾ ՀԱՐՑԱԿԱՆ ՄԸՆ Է
1 Դետեմբերին «Ալ Նըսրա» ճակատին կողմէ գերի առնուած լիբանանցի տասնվեց զինուորներ ազատ արձակուեցան: Մէկուկէս տարի գերեվարուած պահուելէ ետք զինուորները վերադարձան տուն, երկրի կառավարութեան եւ Սուրիոյ պատերազմի կարեւորագոյն մասնակիցներէն համարուող՝ «Ալ Նըսրա» ճակատին միջեւ կայացուած համաձայնական գործարքով մը: Փոխանակման կարգով եղած համաձայնութեան համար ազատ կ՚արձակուէին Պէյրութի «Ռումիէ» բանտին մէջ եղող զինեալներու կիներ, որոնց կարգին էր նաեւ «Իսլամական պետութեան» առաջնորդ Ապու Պաքըր Ալ Պաղտատիի նախկին կինը՝ Սուժա Ալ Տուլայմին եւ քանի մը զինեալներ: Մինչ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ զինուորներուն հարազատները կը պատրաստուէին տօնական մթնոլորտի մը մէջ իրենց որդիները ընդունիլ, անդին արաբական մէկէ աւելի աղբիւրներ կը խօսէին շրջանին մէջ լուծումներու նոր հանգրուանի մը մասին, որ աւելի ուշ պիտի ընդգրկէր՝ Սուրիան, Իրաքն ու Եէմէնը եւ անոնց հիմքով պիտի հասուննար Ռիատ-Թեհրան առկայ քաղաքական սուր տագնապին հանգուցալուծումը: Լիբանանեան կողմը կարեւոր զիջումներ կը կատարէր բանակի զինուորներուն «փրկութեան» համար: Փրկութիւն բառը կը գործածեմ, որովհետեւ «Ալ Նըսրա»ի զինեալները աւելի վաղ սպաննած էին իրենց մօտ եղած տասնեօթերորդ գերին՝ Մուհամմէտ Համիէն:
Այս դրական մթնոլորտի առաջին արձագանգները պիտի գային Փարիզէն, ուր ըստ տարբեր լրատուական աղբիւրներու՝ լուր կը փոխանցուէր երեսփոխան Սըլայման Ֆրանժիէի (մարոնի) եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի (սիւննի) միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մը մասին, որ երկար ատենէ ի վեր իր ունեցած բնոյթով կը համարուէր առաջինը: Ի՞նչ քննարկեցին երկու լիբանանցի պատասխանատուները, մանաւանդ, որ անոնց միջեւ եղած յարաբերութինը երբեք փայլուն պատմութիւն մըն ալ չէ ունեցած: Ֆրանժիէ, որ յայտնի է Սուրիոյ իշխանութիւններուն հանդէպ ունեցած իր դրական անփոփոխ կեցուածքներով, երկար ժամանակ նոյնիսկ Սաատ Հարիրիի սպաննուած հօր՝ Ռաֆիք Հարիրիի Լիբանանի վարչապետ եղած օրերուն ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած էր վերջինիս հասցէին: Փրակմաթիք քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ եղած այս հանդիպումը վստահաբար տեղի կ՚ունենար Սաատ Հարիրիի ու անոր քաղաքական յենարան համարուող Ռիատի առաջարկով: Փարիզեան հանդիպման թիւ մէկ օրակարգը անշուշտ նախագահական ընտրութեան կայացումն էր, ու այդ քրիստոնեայ կարեւորագոյն աթոռին համար Սաատ Հարիրի պիտի առաջարկէր երկրի մարոնի քաղաքական կարեւորագոյն գործիչներէն մէկուն՝ Սըլայման Ֆրանժիէի անունը: Լուրը քաղաքական ռումբի պէս կը պայթէր, ու փոքր չէին այն քաղաքական շրջանակները, որոնք զարմանք յայտնելէ անդին երթալով նոյնիսկ վրդովմունքով կը խօսէին Հարիրիի ըրած այս առաջարկին մասին: Խորքին մէջ ինչ կը հետապնդէր սիւննի առաջնորդը:
Երեւելի է, որ անոր քայլին մէջ կար Ռիատի քաղաքական մարտավարութեան օրինաչափութիւնը, ըստ որուն Ռիատ պիտի փորձէր նոր ձեւաչափով յաջողցնել Լիբանանի նախագահի ընտրութիւնը եւ այդ քայլով ամրագրէր Պէյրութը սուրիական պատերազմական գօտիէն հեռու պահելու իր մարտավարութիւնը: Այս քաղաքական առաջարկին համար Ռիատ նաեւ նախապատրաստած էր Փարիզը, Ուաշինկթընը եւ Արաբական ծոցը: Տարաբնոյթ հանդիպումներէ ետք երկու կողմերը կը ստանային Վատիկանի բարձր հովանին վայելող մարոնի պատրիարքութեան աջակցութիւնը եւ տարբեր աղբիւրներ կը գրէին, որ յառաջիկայ 18 Դեկտեմբերին երկրի խորհրդարանը հերթական իր նիստը գումարելով՝ պիտի կայացնէր նախագահի ընտրութիւն:
Չմոռնանք նաեւ, որ Սըլայման Ֆրանժիէի թոռն է Լիբանանի Հանրապետութեան հինգերորդ նախագահ Սըլայման Ֆրանժիէն (1970-1976), որ երկրի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբին կարողացած էր նուազագոյն վնասներով պահպանել Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու նախագահական միակ աթոռը: Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատին եւ նախագահական թեկնածու Սըլայման Ֆրանժիէի միջեւ առկայ սերտ կապերը սկիզբ առած էին Էսատի հօր՝ Հաֆըզ Էսատի եւ վերջինիս մեծհօր՝ նախագահ Սըլայման Ֆրանժիէի իշխանութեան եղած օրերուն: Քաղաքական անշեղ ըմբռնումներու տէր Ֆրանժիէի ընտանիքին համար հաստատուն ընկալում է, որ Սուրիոյ մէջ ալեւի իշխանութեան մը գոյութիւնը մեծագոյն երաշխիքն է ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլ՝ ամբողջ Միջին Արեւելքի փոքրամասնական համայնքներուն, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքները:
Պատմական այս կենսափորձին առընթեր Սաատ Հարիրի այս «անսպասելի» համար-ւած քայլով կը միտէր մի քանի ուղղութիւններով քաղաքական միաւորներ կուտակել:
Նախ նախաձեռնութիւն ներկայացնելու շինիչ դերը կը պահուէր սիւննի համայնքին ու ապա այդ կողմը կը փորձէր կարեւոր պատգամներ յղել շրջանին մէջ նոր խաղ ձեւակերպող Իրանին: Այսինքն սիւննի-մարոնի մերձեցման այս ճանապարհով Ռիատ անգամ մը եւս կը պարզաբանէր, որ ներքին փափաք ունի սուրիական ընդհանուր ֆոնին վրայ նախաձեռնողի դերով հանդէս գալու: Ռիատի համար նախընտրելի համար-ւած Ֆրանժիէի Պաապտայի նախագահական պալատ հասնիլը կրնար շատ մը քաղաքական պատուարներ տապալել: Խնդիրը Էսատի իշխանութեան վրայ մնալ-չմնալու հարցը չէր, այլ սիւննի աշխարհին համար կարեւոր էր նախաձեռնողի դիրքը պահպանել եւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընդհանուր համակարգումով մը նոր ճանապարհներ բանալու որոնումներ կատարել:
Ուրեմն ճակատումը ո՛չ միայն Պեշար Էսատի իշխանութեան հետ էր, այլ հակամարտութեան հիմնական ճակատը կը մնար Ռիատ-Թեհրան գերլարուած իրավիճակը, որուն եզրերուն կան բաւական հրդեհուած գօտիներ, որոնցմէ է բնականաբար՝ Եէմէնը, Իրաքը եւ համեմատաբար պաղ գօտի համարուող Պէյրութը:
Այս զարգացումներու ֆոնին վրայ եւ բաւական լուռ հակազդեցութեամբ մը Թեհրանի պատասխանը չէր ուշանար։ Լիբանանի մէջ, հիմնական չըսելու համար, ամենէն որոշիչ դեր վերցուցած «Հիզպուլլահ» հաստատակամ կերպով իր «ոչ»ը ըսելէ անդին, անգամ մը եւս կը յիշեցնէր, թէ իրեն համար նախագահի հիմնական թեկնածուն կը մնայ քրիստոնեայ այլ ղեկավար մը՝ երեսփոխան Միշէլ Աուն։ Ան ներկայ դրութեամբ եւ վերջին տարիներուն (հակառակ տարիներ առաջ իր ունեցած բաւական հակասական կեցուածքներուն) կը մնար անփոխարինելի եւ ամենակարեւորը՝ վստահելի թեկնածու:
Իրանեան թեւ համարուող «Հիզպուլլահ»ի ժխտական պատասխանը «անկողմնային մահուան» կ՚առաջնորդէր Հարիրիի նախագահական նախաձեռնութիւնը: Սիւննի եւ շիի կողմերուն մօտ դաշնակից եղող քրիստոնէական թեւեր արագօրէն կը հակազդէին այդ նախաձեռնութեան եւ Թեհրանի կողմէ օգտագործուած կարմիր քարտը քանի մը օրերու ընթացքին գրեթէ կը ցրուէր լիբանանցիներու նոր նախագահ ունենալու երազանքը: Գրեթէ բառը կը գործածեմ, որովհետեւ Լիբանանի պէս քաղաքական բարդ գործընթացներու եզրին եղող երկրի մը մէջ շատ հաւանական է, որ անկիւնադարձային դիպուած մը կրնայ մէկ օրէն միւսը քաղաքական նոր իրավիճակ ստեղծել եւ այսօր տապալած համարուող նախագահական ծրագիրը կրնայ նորէն ջուրի երես գալ:
Վերադառնալով զինուորներու ազատութեան խնդրին՝ տեղին է նշել, որ Քաթարի հովանին վայելող «Ալ Նըսրա» ճակատին հետ կատարուած գործարքը նաեւ կապ ունէր այս քաղաքական հոլովոյթներուն հետ եւ կը համարուէր դրական առաջին նախանշան: Մինչ ինն լիբանանցի զինուորներ կը շարունակեն գերեվարուած մնալ «Իսլամական պետութեան» մօտ, անդին լիբանանեան բանակը «Հիզպուլլահ»ի հետ իր քայլերը համակարգելով ծանր հարուածներ կը հասցնէ երկրի Արսէլ աւանի լեռնային հատուածներուն վրայ գտնուող «Ալ Նըսրա» ճակատի զինեալներուն:
Ուշագրաւ է լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարին ըրած յայտարարութիւնը, ուր ան կը յայտնէր, որ ահաբեկիչներուն մէջ սեւ եւ ճերմակ ահաբեկիչներ չկան, այլ բոլորը վտանգաւոր են եւ անոնց դէմ պայքարելու որոշումը լիբանանեան բանակին հիմնական օրակարգն է: Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ժան Աճուաժի այս խօսքը ձեւով մը կը յուշէր իր նախագահական թեկնածութեան մասին: Ան, որ նոյնպէս կը համարուէր նախագահական կարեւոր թեկնածու մը, կը ներկայանար ոչ թէ որպէս քաղաքական կողմի թեկնածուն, այլ յառաջ կը քաշէր ապահովութեան եւ բանակի անունով խօսելու ընտրանքը՝ յուշելով, որ Լիբանան կարիքն ունի նախեւառաջ անվտանգութեան գործօնը պահպանող առաջնորդի մը:
Ներկայ հանգրուանին բոլոր կողմերը կը հասկնան, որ Լիբանան կը գտնուի քաղաքական լուծումներու զերօ օղակին մէջ: Այսինքն սպասողական այս վիճակը ժամանակ սպաննելու հանգրուան մըն է, որովհետեւ երկրին մէջ սպասուած որեւէ քաղաքական դրական տեղաշարժ պէտք է առընչուած ըլլայ ոչ թէ միայն Սէուտական քայլերով, այլ պէտք է ամրագրուի Ռիատ-Թեհրան սառոյցին հալումով:
Իսկ ինչքան ժամանակ կը տեւէ այդ մէկը, ոչ ոք կրնայ կանխագուշակել, մանաւանդ, որ Թահէզի (Եէմէն), Հալէպի հարաւային շրջաններուն եւ իրաքեան Մուսուլին շուրջ տեղի ունեցող արիւնալի ճակատումները կը շարունակուին եւ կողմերէն ոչ մէկը պատրաստ է զիջումներու լեզուով խօսելու:
Ոչ միայն տխուր, այլ մտահոգիչ է, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները կրնան նախագահ ընտրելու այս կարեւոր առիթը անգամ մը եւս տապալել: Տապալել առանց նոր հեռանկարներ ունենալու կամ թերեւս երկիրը տանելով արիւնալի նոր հանգրուանի մը, տրուած ըլլալով, որ սիւննի «Ալ Մուսթաքպալ» չափաւորական հոսանքի համակարգող Ահմատ Ալ Հարիրի, Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութեան հատման կէտի մէկ պահուն կը յայտարարէր. «Եթէ այսօր նախագահ ընտրելու այս հնարաւորութենէն չօգտուինք, ապա վաղը կրնանք նախագահը ընտրել արիւնալի պայմաններու մէջ»:
Որքանով ճիշդ է այս դիտարկումը տակաւին պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ շրջանային ուժերու վճիռով պաղ պահուած լիբանանեան ճակատը կը պարունակէ «պայթելու» բոլոր պատրաստ նախադրեալները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան