ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅԱՀՈԾ «ՆՈՐ ԳԻՒՂ» ԹԱՂԱՄԱՍԸ ԱՄԱՅԱՑԱԾ Է ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
«Արեւելք» Հալէպի իր աղբիւրէն տեղեկութիւններ ստացած է մօտաւոր անցեալի հայահոծ «Նոր Գիւղ» շրջանին մասին: Ըստ մեր աղբբիւրին «Նոր Գիւղ»ը կամ արաբական անուանումով «Հայ Ալ Միտան» շրջանը պատերազմական հատման սահմանային գիծ ըլլալու ընդհանուր դրութեան հետեւանքով դարձած է գրեթէ անմարդաբնակ: Հայաբնակ այդ շրջաննները գրեթէ դատարկուած են ու շրջանի բնակիչները կա՛մ փոխադրուած են այլ վայրեր եւ կամ ալ երկրէն ընդհանրապէս հեռացած: Հայաբնակ բնակարաններուն մեծամասնութիւնը թալանուած է եւ տուները կը գտնուին անմխիթար վիճակի մը մէջ: Ականատեսներէ ստանալով իր տեղեկութիւնները մեր աղբիւրը նոյնպէս կը յայտնէ, թէ քիչ չեն այն դէպքերը, երբ հայ բնակիչներ փորձած են իրենց տուները քննելու համար շրջան վերադառնալ եւ նկատած, որ իրենց տուները դատարկ են ու ամբողջութեամբ թալանուած: Նշենք, որ «Արեւելք»ի հրապարակած սոյն նկարները առնուած են օրերս «Նոր Գիւղ»ի «Պուրճ» ճաշարանի թաղամասէն, որուն բնակչութեան մեծագոյն տոկոսը հայեր էին: Պէյրութի Պուրճ Համուտի կողքին Հալէպի «Նոր Գիւղ»ը կը համարուէր Միջին Արեւելքի ամենէն հայահոծ շրջաններէն մին: «Նոր Գիւղ» թաղամասին ստեղծուած ողբերգական պատկերը դժբախտաբար ի զօրու է նաեւ Հալէպի ընդհանուրին եւ Սուրիոյ միւս հայաշատ քաղաք-ներու պարագային։