ՈՉ-ԻՍԼԱՄ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՄԱՆ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու նախընթաց օր Անգարայի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը ներկայացուց Թուրքիոյ Հանրապետութեան 64-րդ կառավարութեան գործնական ծրագիրը։ Յառաջիկայ մէկ տարուան համար որդեգրուած նպատակներուն զուգահեռ՝ վարչապետը բացատրութիւններ տուաւ նախատեսուած բարեփոխումներուն եւ առնուելիք քայլերուն կապակցութեամբ։
Կը հաղորդուի, որ այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն կողմէ ներկայացուցիչներ։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան եւ համայքներու ներկայացուցիչները հետեւեցան վարչապետի ելոյթին, որու ընթացքին ան անդրադարձաւ նաեւ փոքրամասնութիւններուն ու շեշտեց, թէ անոնք որեւէ խտրականութեան պիտի չենթարկուին։ Անգարա մեկնած փոքրամասնական պատասխանատուներու շարքին էր Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։
Ըստ Թորոս Ալճանի գրասենեակի հաղորդումներուն, այս հաւաքոյթին մասնակցելու առընթեր Թորոս Ալճան եւ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչները շուրջ երկու ժամուան հանդիպում մը ունեցան Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ։ Ճաշասեղանի շուրջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին արծարծուեցան փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու ընդհանուր խնդիրներն ու անոնց լուծման հեռանկարները։
ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆԷՆ ՀԱՐՑՈՒՄ
Միւս կողմէ, ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներու առկախուած ընտրութեան խնդրին շուրջ Ազգային մեծ ժողովէն ներս հարցում մը հասցէագրեց Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանին։ Ան յիշեցուց, որ 19 Յունուար 2013 թուականին առկախուած էր փոքրամասնական համայնքներու մատակարար մարմիններու ընտրութեան վերաբերեալ կանոնադրութիւնը։ Յունիս 7-ի ընտրութիւններէն վերջ եւս Սելինա Տողան այս նիւթին շուրջ հարցում մը ուղղած էր շրջանի փոխ-վարչապետ Պիւլենտ Արընչին։ Այդ շրջանին Պիւլենտ Արընչ տեղեկացուցած էր, որ կանոնադրութեան գործադրութիւնը ջնջուած է, հաշուի առնելով յառաջացած դժուարութիւնները, որոնց յաղթահարման եւ փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու կարիքները աւելի լաւ դիմագրաւելու առաջադրութեամբ ձեռնարկուած է նոր կանոնադրութեան մը պատրաստութեան։ Արընչ այդ շրջանին տեղեկացուցած էր, թէ այդ պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են։ Սելինա Տողան նախընթաց օր ներկայացուցած հարցման առաջարկին մէջ ընդգծած է, որ անցեալ Նոյեմբերի 1-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ ստեղծուած 64-րդ կառավարութեան ծրագրին մէջ ամէն տեսակ իրաւական ու գործնական նախազգուշական միջոցները նախատեսուած են՝ որպէսզի Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները չենթարկուին որեւէ խտրականութեան։ Այդ տրամադրութիւնով հանդերձ, ըստ Սելինա Տողանի, տակաւին շօշափելի աշխատանք մը չկայ՝ ընտրական նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան ուղղութեամբ։ Հետեւաբար, ընդդիմադիր երեսփոխանը այս հանգրուանին հարց տուած է, որ ինչո՞ւ ջնջուած է փոքրամասնական վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութիւնը, ինչո՞ւ տակաւին նոր կանոնադրութիւն մը չէ պատրաստուած, արդեօք աշխատանք մը կը տարուի՞ նոր կանոնադրութեան մը պատրաստութեան համար եւ արդեօք կառավարութեան ծրագրին մէջ նախատեսուած իրաւական ու գործնական նախազգուշական միջոցներու ծիրին մաս կը կազմէ՞ այս կանոնադրութեան նիւթը։