ԱՆՆԿԱՐԱԳՐԵԼԻ ՑՆՑՈՒՄ
Իսթանպուլի մէջ Շաբաթ երեկոյեան պատահած երկու իրերայաջորդ պայթումները յեղաշրջեցին Թուրքիոյ օրակարգը։ Պէշիկթաշ-Պուրսասփոր ֆութպոլի ակումբներուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումէն շուրջ մէկուկէս ժամ վերջ, առաջին պայթումը պատահեցաւ «Վոտաֆոն արենա» մարզադաշտի մօտակայքին։ Գրեթէ նոյնաժամանակ ուրիշ սաստիկ պայթում մըն ալ տեղի ունեցաւ Մաչքայի ճեմապարտէզին մէջ։
Տմարդի, արիւնալի այս դէպքերէն վերջ երկրին ուշադրութիւնը մագնիսացաւ ծանր հետեւանքներուն վրայ։ Արդարեւ, Թուրքիա ունեցաւ 41 նահատակ։ Զոհերուն մեծամասնութիւնը ոստիկանութեան աշխատակիցներէ կը բաղկանայ։ Այսպէս, դժբախտաբար երեսուն ոստիկան զոհուած է դէպքին հետեւանքով։ Եօթ հոգի քաղաքայիններու շրջանակէն է։ Մնացեալ մէկ զոհին ինքնութիւնը պարզել տակաւին կարելի չէ եղած։
Անիծելի այս դէպքէն վերջ պետական աւագանին վճռական պատգամներ փոխանցեց հանրային կարծիքին։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մատնանշեց, թէ ամէն անգամ, որ Թուրքիա ոստումի շրջան մը ապրի, ապա միշտ երկրին առջեւ կը ծառանան վայրագութիւնը եւ ահաբեկչութեամբ պայմանաւորուած քաոսը։ Ըստ իրեն, ահաբեկիչները ա՛լ աւելի ծանր փոխարժէք մը պիտի վճարեն։
Միւս կողմէ, ահաբեկչական այս ծանր արարքին զուգահեռ միջազգային ընտանիքը զօրակցութիւն յայտնեց ի նպաստ Թուրքիոյ։ Երկրէն ներս ալ ստեղծուած է ընդհանուր դիմադրութեան մթնոլորտ մը։ Պայթումին պատահած վայրը շուրջ երկու մեթրնոց փոս մը յառաջացած է։ Բազմաթիւ հայրենակիցներ երէկ բողոքի ցոյցի համար դրօշակներով մեկնեցան դէպքի վայրը։ Մինչ այդ, խորհրդարանի կուսակցութիւններէն երեքը՝ ԱՔ կուսակցութիւն, ՃՀՓ եւ ՄՀՓ երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը՝ պախարակելով ահաբեկչութիւնը։
Իսթանպուլի մէջ երէկ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը, որ տեւեց շուրջ երկու ժամ։