ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
ԱՔ կուսակցութիւնը եւ ՄՀՓ շաբաթավերջին վերջնական համաձայնութեան հասան՝ Սահմանադրութեան բարեփոխման տարբերակին շուրջ։ Արդէն Ազգային մեծ ժողով ներկայացուած է երկու կուսակցութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Սահմանադրութեան առաջարկը։ Եթէ խորհրդարանը հաւանութիւն տայ այդ մէկուն եւ նախատեսուած հանրաքուէի արդիւնքն ալ ըլլայ դրական, ապա 2019-ի Նոյեմբերին ի զօրու պիտի դառնայ նոր Սահմանադրութիւնը։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, նոր Սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ խորհրդարանական համակարգէ անցում՝ դէպի նախագահական։ Սա կը համարուի համակարգի արմատական փոփոխութիւն մը, որով հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները պիտի աւելնան։ Այսպէս, ան պիտի ըլլայ գործադիր իշխանութեան գլուխը, վարչապետի պաշտօնը պիտի ջնջուի։ Հանրապետութեան նախագահը պիտի տեւականացնէ յարաբերութիւնը իր կուսակցութեան հետ եւ ինքը պիտի ճշդէ իր տեղակալներն ու նախարարները։ Լիազօրութիւն պիտի ունենայ բարձրաստիճան հանրային պաշտօնեաները նշանակելու կամ պաշտօնազրկելու։ Պիւտճէն պիտի պատրաստուի իր կողմէ։ Դատաւորներու եւ դատախազներու բարձրագոյն խորհուրդի անդամներուն կէսը պիտի ընտրուին իր կողմէ։ 2019-էն սկսեալ պիտի կարենայ հրապարակել հրամանագրեր, պիտի կարենայ հռչակել արտակարգ դրութիւն եւ պիտի ընդլայնուին իր ներման լիազօրութիւնները։
Կը ծրագրուի երեսփոխաններու թիւը բարձրացնել վեց հարիւրի եւ հանրապետութեան նախագահի Բարձրագոյն ատեան ուղարկուելուն համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ չորս հարիւր պատգամաւորի քուէն։
Նախատեսուած կարգադրութիւններով, տասնութ տարեկանէն սկսալ կարելի պիտի ըլլայ ընտրուիլ։ 2019-ի Մարտին տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, իսկ նոյն տարուան Նոյեմբերին՝ հանրապետութեան նախագահի եւ ընդհանուր ընտրութիւնները։ Երեսփոխանները պիտի ունենան պահեստիներ։ Սահմանադրական ատեանի անդամներուն թիւը տասնեօթէն պիտի կրճատուի տասնհինգի։ Զինուորական արդարադատութեան համակարգը բոլորովին պիտի վերանայ։
Շաբաթավերջին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մաղթեց, որ երկրէն ներս սա նոր մեկնարկի մը առիթը հանդիսանայ։ «Իմ ցանկութիւնը այն է, որ նախագիծը խորհրդարանէն անցնի 303 ձայնը գերազանցելիք ձեւով, աւելի վերջ խորհրդարանը արդէն այս մէկը պիտի տանի ազգին», ըսաւ Էրտողան։