NOSTALJİ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹԻՆ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Բանկալթիի Nostalji գրախանութ-սրճարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Adı Başka Acı Başka» անուն գրքին շնորհանդէսը։ Այս գործին հեղինակն է Իպրահիմ Տիզման։ Գիրքին բովանդակութիւնը ձեւաւորուած է Օրտու քաղաքի վերջին հայ բնակիչներէն 90-ամեայ Յարութիւն Արթունի յուշերուն ու կենսագրութեան հիման վրայ։ Հեղինակը այդ առանցքին շուրջ ցոլացուցած է քաղաքին կեանքը։
Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց հրատարակիչ Օսման Քէօքէր, որ աւելի վերջ վարեց Իպրահիմ Տիզմանի եւ Յարութիւն Արթունի մասնակցութեամբ կազմակերպուած ասուլիսը։ Ներկայ էին Յարութիւն Արթունի Օրտուէն եկած ընկերները եւ այլ գրասէրներ։
Ասուլիսի աւարտին Տիզման եւ Արթուն ներկաներուն համար մակագրեցին այս գործը։