ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի հայկական համագումարի նախագահ Գարօլին Միւկարն ու Ամերիկայի հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Էնթընի Պարսամեանը։ Ներկայ էր նաեւ համագումարի Հայաստանի կեդրոնի տնօրէնուհի Արփի Վարդանեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրերը՝ Եդուարդ Նալպանտեան կարեւորեց համահայկական խնդիրներու բարձրաձայնման եւ լուծման ուղղութեամբ Ամերիկայի հայկական համագումարի բեղմնաւոր գործունէութիւնը։ Ան կարեւորեց նաեւ համագումարի շարունակական համագործակցութիւնը Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կողմէ գործադրուող ջանքերուն։ Հանգամանալից քննարկում ծաւալուեցաւ համահայկական օրակարգի հարցերուն շուրջ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԱԹԷՆՔ

Միւս կողմէ, նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Աթէնք։ Երկօրեայ ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոսիասի հրաւէրով։ Նալպանտեան կը հիւրընկալուի Յունաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2017