ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՓՈԽԸՄԲՌՆՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամերուն Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Կարճատեւ այցելութեան ծիրէն ներս, երկու ղեկավարները Պեշթեփէի համալիրէն ներս ունեցան առանձնազրոյց մը, որ տեւեց ժամ մը։ Էրտողան եւ Փութին աւելի վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ ընթրիքի սեղանի շուրջ։ Փութինի այցելութեան ծրագիրը եզրափակուեցաւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով, որմէ վերջ ան նոյն երեկոյեան իսկ հրաժեշտ առաւ երկրէն։ Երկու ղեկավարները մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կարեւոր յայտարարութիւններ ըրին այն բոլոր հարցերուն շուրջ, որոնք տեղ կը զբաղեցնեն կողմերու համատեղ օրակարգին վրայ։

Էրտողան անդրադարձաւ ԱՄՆ-ի կողմէ Երուսաղէմի՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցուելուն եւ այդ որոշումով պայմանաւորուած տագնապալի իրադրութեան։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան յիշեցուց, որ ընթացիկ տարուան տեւողութեան արդէն ութերորդ անգամ տեսակցած են Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը օրէ օր կ՚ամրապնդուի։ Այսօր հնարաւորութիւն ունեցանք մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր ձեռք առնելու տարածքաշրջանի խնդիրները։ Մեր քննարկած գլխաւոր խնդիրներէն մին բնականաբար Երուսաղէմի պարագան էր։ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան կողմէ Երուսաղէմի՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանաչումը մեծ ցասում յառաջացուցած է ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ակնյայտ են այս անպատասխանատու քայլին հետեւանքով ստեղծուած լարուածութիւնները։ Բռնագրաւման տակ գտնուող հողերէն ներս բողոքներու ընթացքին Իսրայէլի զինուորները նահատակած են չորս պաղեստինցի։ Բաց աստի, հարիւրաւոր պաղեստինցիներ վիրաւորուած են։ Ինծի հասած վերջին տուեալներով՝ այդ թիւը կը մօտենայ երկու հազարի։ Կազզէ ռմբակոծուեցաւ Իսրայէլի ռազմաօդանաւերուն կողմէ։ Իսրայէլ կը շարունակէ դէպքերը հրահրել. ճնշումի եւ բռնի դէպքերու զարկ տալու համար այդ բոլորը կը նկատէ հնարաւորութիւն։ Անկարելի է, որ այս ոճրագործութիւնները անտեսուին՝ խղճի, արժէքներու եւ բարոյականի տէր ոեւէ մէկուն կողմէ։ Ինչպէս գիտէք, որպէս Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան շրջանային նախագահ՝ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպած եմ արտահերթ գագաթաժողով մը։ Ես կը հաւատամ, թէ ամուր պատգամով մը հանդէս պիտի գանք», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Երուսաղէմի վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ համակարծիք գտնուած են Վլատիմիր Փութինի հետ։

Բաց աստի, հանրապետութեան նախագահի խօսքերով, երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է Սուրիոյ կացութիւնը։ Աստանայի գագաթաժողովին ի շարունակութիւն՝ կարելի եղած է արժեւորել գործընթացը։ Ամենակարճ ժամանակի ընթացքին Սոչիի մէջ կը նախատեսուի երկրորդ հանդիպում մը եւս։ Էրտողան մատնանշեց, որ Ռուսաստանէն ներածուելիք Ս-400 հրթիռային համակարգերու վերաբերեալ պատկան մարմինները կը կատարեն անհրաժեշտ աշխատանքը եւ այս գործը պիտի հասնի իր աւարտին։ 

Իր կարգին, Վլատիմիր Փութինն ալ յայտնեց, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է դրական մթնոլորտի մը մէջ եւ շօշափուած են այն բոլոր նիւթերը, որոնք առանցքային նշանակութիւն ունին երկկողմանի յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Ռուս ղեկավարի խօսքերով՝ օրակարգի վրայ եկած են միջազգային բեմահարթակի արդի նիւթերը։ Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ խնդրի պարագային կը շարունակուի կողմերու սերտ համագործակցութիւնը եւ Մոսկուա-Անգարա համագործակցութիւնը կը զարգանայ յաջող ձեւով։ 2017 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը աւելցած է 36 տոկոսով։ «Այս բոլորը մեր առած ճիշդ որոշումներու արդիւնքով եղան։ Առեւտրական եւ տնտեսական գետնի վրայ արգելքները վերացան։ Առաջին ութ ամսուան ընթացքին թրքական գիւղատնտեսական արտադրութիւններուն դէպի Ռուսաստան արտածումը աւելցած է 1.8 տոկոսով։ Ռուսաստանէն դէպի Թուրքիա զբօսաշրջիկներու հոսքը կը բարձրանայ։ Ռուսաստանի 4 միլիոն քաղաքացի այցելած է Թուրքիա։ Անցեալ տարի այդ թիւը 866 հազար հոգի էր։ Ուժանիւթի գետնի վրայ սկզբունքօրէն կարեւոր հանգամանքն է, որ Թուրքիոյ մէջ առաջին հիւլէակայանի կառուցման աշխատանքները սկսան Աքքույուի մէջ։ «Թրքական հոսք» խողովակաշարը կը կառուցուի ծրագրաւորուած ձեւով։ Այս ծիրէն ներս երկու խողովակաշար պիտի կառուցուի Սեւ ծովու յատակէն։  Այս ծրագրի կեանքի կոչուելով ուժանիւթի տեսակէտէ Թուրքիա պիտի դառնայ աւելի անվտանգ եւ ռուսական կազի մատակարարման ուղղութիւնները պիտի ընդլայնին», ըսաւ Վլատիմիր Փութին Անգարայի մէջ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ռուս ղեկավարը եւս կանգ առաւ զինուորական բնագաւառէ ներս համագործակցութեան վրայ։ Անդրադառնալով Ս-400 հրթիռային համակարգերու գործարքին՝ ան տեղեկացուց, որ երէկուան քննարկումներուն ժամանակ համաձայնութեան հասած են վարկաւորման համար եւ համապատասխան փաստաթուղթը կրնայ ստորագրուիլ յառաջիկայ օրերուն։

Սուրիոյ ճգնաժամի վերաբերեալ քննարկումներու մանրամասնութիւններուն անդրադառնալով՝ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ երկրի տարածքը գրեթէ ամբողջութեամբ մաքրագործուած է ահաբեկիչներէն։ «Եթէ ահաբեկիչներուն կողմէ որեւէ յարձակում ըլլայ, ապա մենք կը փոխադարձենք անհրաժեշտ ձեւով», ըսաւ Փութին եւ աւելցուց, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի ջանքերն ու նպաստը բարձր կը գնահատէ Սուրիայէ ներս լուծման որոնումներու տեսանկիւնէն։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է յառաջիկայ տարեմուտին Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան համագումարի կազմակերպման նիւթը։

Քաղաքական գործընթացի զարգացման կապակցութեամբ հաւանական յաւելեալ քայլերուն շուրջ ալ խորհրդակցութիւններ ունեցած են երկու ղեկավարները։

Խօսելով Երուսաղէմի հարցին շուրջ՝ Վլատիմիր Փութին շեշտեց, որ ԱՄՆ-ի կողմէ առնուած որոշումը տարածքաշրջանէ ներս կացութիւնը ա՛լ աւելի կը վատթարացնէ եւ հաւասարակշռութիւնները կը խախտէ։ Այդ որոշումը կրնայ կացինահարել Իսրայէլ-Պաղեստին հաշտութեան գործընթացը։ Փութինի խօսքերով՝ հաշտութեան գործընթացը յառաջ պէտք է տարուի ՄԱԿ-ի կողմէ առնուած որոշումներու շրջանակին մէջ։ Երուսաղէմի կարգավիճակին վերաբերեալ որոշումները պէտք է ընդունուին՝ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ուղղակի շփումներուն հիման վրայ։ Փութին յայտնեց, որ Էրտողան իրեն տեղեկութիւններ փոխանցած է Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտահերթ գագաթաժողովին շուրջ։ Ռուսաստան այդ կազմակերպութեան դիտորդ երկիրներէն մին է եւ անպայման մասնակցութիւն պիտի բերէ արտահերթ գագաթաժողովին։

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ

Վլատիմիր Փութին երէկ Թուրքիա այցելելէ առաջ մեկնեցաւ Սուրիա, ուր յայտարարեց, որ ռուսական բանակին կը հրամայէ այլեւս վերադառնալ Ռուսաստան։ Իր հետ էր նաեւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու։

Փութին աւելի վերջ ուղեւորուեցաւ Գահիրէ, ուր հիւրընկալուեցաւ Եգիպտոսի Նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Սիսիի կողմէ։ Մոսկուայի եւ Գահիրէի միջեւ համաձայնութիւն մը ստորագրուեցաւ՝ հիւլէական գետնի վրայ համագործակցութեան մասին։ 2015 թուականէն ի վեր առաջին անգամ Փութին այցելեց Գահիրէ, ուր հիւլէակայանի մը կառուցման մասին գոյացաւ համաձայնութիւն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2017