ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ՕՐ

Քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաքոյթ մը, որ ձօնուած էր Մարդու իրաւանց միջազգային համաձայնութեան հռչակման տարեդարձին։ Համաշխարհային Մարդու իրաւանց օրուան առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան տանտէրն էր Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր՝ իր կողակցին հետ։ Երեկոյթին հրաւիրուած էին իրաւապաշտպաններ, հասարակական գործիչներ, ակադեմականներ, մտաւորականներ, դիւանագէտներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներկայացուցիչներ, իրաւաբաններ, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն գործիչներ։

Ընդունելութեան ընթացքին աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին կանգ առաւ մարդու իրաւանց արժէքին եւ կարեւորութեան վրայ։ Ան յայտնեց, որ աշխարհի առկայ ընթացքով, մանաւանդ ահաբեկչական սպառնալիքին հետեւանքով կը հակադրուին անվտանգութեան նկրտումներն ու  ազատութիւնները։ Որոշ առումով կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ ազատութիւնները անվտանգութեան տեսակէտէ խոցելի մթնոլորտի մը ծնունդ կու տան։ Մինչդեռ, Պերթրան Պիւշվալթէրի խօսքերով, իրականութեան մէջ ի զօրու է ճիշդ հակառակը։ Մարդու իրաւանց նկատմամբ հաւատարմութիւնը մեծ ուժ մըն է։

Աւագ հիւպատոսի ելոյթէն վերջ հաւաքոյթի մասնակիցները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ՝ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուելով Պիւշվալթէր ամոլին կողմէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2017