ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ պատահեցաւ ահաբեկչական դէպք մը։ Այս անգամ լուրը հասաւ Նիւ Եորքէն։ Առաւօտեան կանուխ ժամերուն «Թայմզ» հրապարակի մեթրոյի կայարանը եւ «Փորթ Օթօրիթի» օթօպիւսի կայարանը միացնող գետնանցումին մէջ պատահեցաւ այս պայթումը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, ծագումով պանկլատեշցի 27-ամեայ Աքայէթ Ուլլահ պայթեցուց իր մարմնին վրայ կրած ռումբերը։ Դէպքին հետեւանքով երեք հոգի վիրաւորուեցաւ։ Վիրաւորեալները անմիջապէս դարմանման տակ առնուեցան մերձակայ հիւանդանոցներու մէջ։ Պայթուցիկ նիւթերուն հետեւանքով Աքայէթ Ուլլահի մարմնին վրայ ալ յառաջացան այրուածքներ եւ ան եւս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։

Նիւ Եորքի ոստիկանական բաժանմունքի ղեկավար Ճէյմս Օնիըլ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ այս դէպքին առընչութեամբ։ Ըստ իր փոխանցած տեղեկութիւններուն, Աքայէթ Ուլլահ իր մարմնին վրայ կը կրէր «ցած մակարդակի ճարտարարուեստով» ձեռակերտ ռումբ մը։ Խողովակատիպ այս ռումբը պայթած է նախատեսուածէն աւելի կանուխ եւ այս պատճառով զոհեր չեն եղած եւ վնասները եղած են յարաբերաբար նուազ։

AP գործակալութեան հաղորդումներով, ոստիկանական պատասխանատուները յայտնած են, որ Ուլլահ ներշնչուած է ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), սակայն շօշափելի կապ մը չունի այդ կազմակերպութեան հետ եւ հաւանաբար վարուած է առանձին։

CNN-ի հաղորդումներով, ոստիկանութեան աղբիւրները պարզած են նաեւ, որ Ուլլահ եօթ տարիէ ի վեր կ՚ապրէր Պրուքլինի մէջ։ Պայթումէն վերջ ձեռնարկուած հետաքննութիւնը վարող պատասխանատուներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնած է, որ ռումբը շինած է իր աշխատած ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ՝ հետեւելով համացանցին։

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տը Պլասիոն ալ դէպքը որակեց՝ որպէս ահաբեկչական յարձակման նախաձեռնութիւն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2017