ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ «ՎՈՏԱՖՈՆ ԱՐԵՆԱ» ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԻՆ ՄՕՏ

Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Կիրակի երեկոյեան ոգեկոչման հաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ՝ ի յիշատակ տարի մը առաջ «Վոտաֆոն Արենա» մարզադաշտի մօտակայքին պատահած ահաբեկչութեան զոհերուն։ Ինչպէս ծանօթ է, տարի մը առաջ ամբողջ երկիրը ցնցուած էր սահմռկեցուցիչ արարքին հետեւանքով, որ խլած էր շուրջ յիսուն զոհ։ Դէպքի տարելիցին առթիւ կազմակերպուած յարգանքի երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար, իր խորհրդականներէն Նուրհան Փալաքօղլու, մարզական աշխարհէն եւ հասարակական շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր եւ փոքրամասնական համայնքներէն ներկայացուցիչներ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին այս ոգեկոչման արարողութեան մասնակցեցաւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, որ աղօթք մը արտասանեց նահատակներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին արտայայտըւեցաւ նաեւ Մուրատ Հազինէտար։ Բոլոր ատենախօսները պախարակեցին ահաբեկչական յարձակումները ու շեշտեցին մարդկային կեանքի անգնահատելի արժէքը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2017