ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Միջազգային առկայ բարդ իրադրութեան համայնապատկերին վրայ, աշխարհի յառաջատար դերակատարներու յարաբերութիւններուն միջեւ ուշագրաւ խմորումներ տեղի կ՚ունենան՝ համագործակցութեան նոր որոնումներու առընթեր։ Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքի պարագային ալ խնդրոյ առարկայ է նման երեւոյթ մը. երկիրներ, որոնց կշիռը համաշխարհային բեմահարթակի վրայ պայմանաւորուած է ռազմարդիւնաբերական արտադրութեամբ։

Մոսկուայի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալեց Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարար Ռաճնաթ Սինկհը, որու աշխատանքային այցելութիւնը լայն արձագանգ գտաւ միջազգային լրահոսին մէջ։ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Պելուսով բանակցութիւններ վարեց իր հնդիկ պաշտօնակցին հետ։ Բաց աստի, Քրեմլինի պալատէն ներս, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ հիւրընկալեց Ռաճնաթ Սինկհը, ներկայութեամբ Պելուսովի։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մոսկուայի բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան Ռուսաստան-Հնդկաստան պաշտպանութեան ոլորտի յարաբերութեան ամբողջ շրջանակին վերաբերեալ նիւթեր։

Ռաճնաթ Սինկհի եւ Անտրէյ Պելուսովի գլխաւորութեամբ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Ռուսաստան-Հնդկաստան ռազմական եւ ռազմավարական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 21-րդ նիստը։

Նիւ Տելհիի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին բազմակողմանի պաշտպանական յարաբերութիւններու ամբողջ շրջանակը՝ ներառեալ ռազմական ու արդիւնաբերական համագործակցութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, կողմերուն միջեւ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան՝ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։

Ռուսաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան ընթացքը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Հայաստանի տեսակէտէ։ Մինչ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրադրութեան մէջ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ լուրջ վերիվայրումներ խնդրոյ առարկայ են, այս ժամանակաշրջանին Հնդկաստան դարձած է այն հիմնական երկիրը, որու հետ ռազմական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս առաջնահերթօրէն կը համագործակցի Հայաստան։ Ուստի, Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքի իրադարձութիւնները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը համարուին Հայաստանի կողմէ։ Մինչ այդ, վերջին օրերուն, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ալ ստորագրուեցաւ 2025 թուականի համագործակցութեան ծրագիրը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024