ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ԿՈՉԸ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, որպէսզի Սուրիոյ մէջ կրօններու միջեւ փոխադարձ յարգանք հաստատուի։

Վատիկանի մէջ, շաբթուայ հրապարակային ուկնկդրութեան ժամանակ, Սրբազան Պապը աղօթեց, որպէսզի Սուրիոյ մէջ մարդիկ ապրին խաղաղութեան, անվտանգութեան ու փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտին մէջ։ Քահանայապետը նշեց, որ սա ազգի բարօրութեան սպասումին յարիր է, որովհետեւ տարիներ շարունակած պատերազմին հետեւանքով բոլորը մեծապէս տուժած են։

«Կը յուսամ, թէ կը գտնուի քաղաքական լուծում մը, որ այլեւս առանց հակամարտութիւններու եւ պառակտումներու ամենայն պատասխանատուութեամբ կը նպաստէ երկրի կայունութեան եւ միասնութեան», ըսաւ Սրբազան Պապը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024