ԱՐԻՒՆԱԼԻ ԵՒ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ
Թուրքիա երէկ ցնցուեցաւ արիւնալի եւ սարսափելի դէպքով մը։ Առաւօտեան ժամերուն, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական դէպք մը, որուն զոհ գնաց 10 հոգի ու 15 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ պայթեցաւ «կենդանի ռումբ» մը, որ ինքզինքին թիրախ ընտրած էր շրջանի զբօսաշրջիկները։ Ծանօթ է, որ Սուլթանահմէտի հրապարակը ոչ միայն Իսթանպուլի, այլ բովանդակ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան ամենաեռուն, բանուկ կէտերէն մին կը հանդիսանայ։ Դժբախտաբար դէպքի բոլոր զոհերն ալ եղան օտարահպատակներ, մասնաւորապէս Գերմանիոյ քաղաքացիներ։
Անմարդկային այս ահաբեկչական դէպքէն անմիջապէս վերջ պետական աւագանին անցաւ ահազանգային դրութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու հանդէս եկան յայտարարութիւններով ու տեղեկացուցին, թէ «կենդանի ռումբ»ը 28-ամեայ սուրիացի մըն է, ծնած Սէուտական Արաբիոյ մէջ, անդամ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) խմբաւորման։ Կառավարութեան բանբերը՝ Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ եւս անմիջապէս հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, բաց աստի փութաց վիրաւորեալներու այցելութեան՝ իր հետ ունենալով կարգ մը նախարարներ։ Չանքայայի ապարանքին մէջ ալ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը։
Մինչ պետական աւագանին խստիւ պախարակեց պատահած ահաբեկչական յարձակումը, հասարակութիւնն ալ անէծք տեղացուց ապրուածին վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ փոխանցուեցան յստակ պատգամներ, որպէսզի զբօսաշրջիկները առանց տատամսումի այցելեն Թուրքիա։
Երեկոյեան ժամերուն հաղորդուեցաւ, թէ Էրտողան եւ Տավուտօղլու հեռախօսազրոյցներ ունեցած են Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ՝ փոխանցելով իրենց վշտակցութիւնները։ Մերքէլ այս առթիւ նշած է, թէ ահաբեկչութիւնը հերթական անգամ ցոյց տուած է իր անգութ եւ անմարդկային երեսը։ Բաց աստի, Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի հետ։