ԱՒԵՏԻՍԵԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի մէջ ո­գե­կո­չուե­ցան Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին եօթ ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեալ տա­րի Կիւմ­րիի մէջ զոհ գա­ցած էին սահմռ­կե­ցու­ցիչ ոճ­րա­գոր­ծու­թեան մը։ Ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի ան­մարդ­կա­յին յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցած այս ըն­տա­նի­քին եօթ ան­դամ­նե­րը ե­րէկ ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի մէջ ո­գե­կո­չուե­ցան խոր եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ։ Օ­րուան ըն­թաց­քին Կիւմ­րիի մէջ վեր­յի­շուե­ցան Ա­ւե­տի­սեան­նե­րը, ո­րոնց ի յի­շա­տակ ե­րե­կո­յեան մո­մա­վա­ռու­թիւն մըն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016