ԳՐԻԳՈՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԱՄՆ-Ի ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մօտ երկրին դեսպանը։ Այսպէս, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի ձեռնարկէ պաշտօնի։
Սերժ Սարգսեանի հրամանագրերուն հիման վրայ նախ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Տիգրան Սարգսեան ազատուեցաւ այդ պաշտօնէն։ Ծանօթ է, որ Տիգրան Սարգսեան մօտաւոր անցեալին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնէն ազատուելով գործուղղուած էր Ուաշինկթըն՝ որպէս դեսպան։ Նկատի ունենալով, որ ան ներկայիս Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան խորհուրդը գլխաւորելու պաշտօնին կոչուած է՝ ստիպողութիւն յառաջացած էր ԱՄՆ-ի մօտ նոր դեսպան մը նշանակելը։ Այս պայմաններուն ներքեւ դեսպան նշանակուեցաւ Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ մինչ այդ կը պաշտօնավարէր Միջին Ամերիկայի շարք մը երկիրներուն մօտ որպէս համատեղութեան կարգով դեսպան. ինչպէս՝ Մեքսիկա, Քուպա, Քոսթարիքա, Կուաթեմալա եւ Փանամա։