ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ԾԻԼԸ…
Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ բոլորը մէկ սիրտ, մէկ հոգի էին։ Մերձաւոր Արեւելքի դժոխքէն խոյս տուած հայ գաղթականները երէկ Ս. Ծննդեան լաւատեսութեամբ լիցքաւորուեցան պատմական քաղաքի եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ։ Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինած էր, որ անոնք 2016-ի տարեմուտը դիմաւորեցին պանդխտութեան մէջ։ Իրենց օճախները ակամայ լքած մարդիկ, հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալներ, Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած ըլլալով երէկ եկած էին տօնելու Ս. Ծնունդը եւ այդ տօնակատարութեան ընթացքին ստեղծուած մթնոլորտը միանգամայն բնորոշեց իրենց նոր կեանքին ծիլը։ Այդ նոր կեանքը, անտարակոյս, դժուարութիւններ, մարտահրաւէրներ կ՚ենթադրէ անոնց համար, սակայն անոնք վստահաբար իրենց բաժին վիճակած դժուարութիւնները պիտի կարենան յաղթահարել հաւատքով ու մանաւանդ երէկ իրենց տոգորուած զգացումներով։ Այդ պայքարի ճանապարհին վրայ իրենց տեսանկիւնէն բարոյական ուժ մը կը համարուի թրքահայ համայնքին կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքը։ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս մեր համայնքի ներկայացուցիչները երէկ ամենաջերմ զգացումներով շրջապատեցին իրենց գաղթական քոյր-եղբայրները, զանոնք առարկայ դարձնելով անկեղծ զօրակցութեան զգացումներու։
Ս. Պատարագի ընթացքին խրատական մը խօսեցաւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, որ հայրական ջերմ արտայայտութիւններ հասցէագրեց ուխտաւոր գաղթականներուն։ Ան ըսաւ, թէ Յիսուս Քրիստոսն ալ պանդխտած էր Եգիպտոսի մէջ, հետեւաբար մեր հաւատքով այսօր գաղթականներուն կացութիւնը ան կ՚ըմբռնէ ամբողջութեամբ։ «Յիսուս ձեզի կը հասկնայ, դուք ալ ձեր սիրտերը բացէք Քրիստոսին», ըսաւ Տէր Հայրը եւ շեշտեց, որ Պոսլոյ Պատրիարքական Աթոռը գաղթականներու կողքին է իր բոլոր հնարաւորութիւններով ու միջոցներով։ «Գիտցէք, որ այս երկրին մէջ ունիք ազգակից քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնք պատրաստակամ են ձեզի օժանդակելու», ընդգծեց Տէր Հայրը ու մասնաւորաբար կանգ առաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, անվտանգութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած դրական վերաբերմունքին վրայ։ Ան խորին երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ բոլորին կողմէ ցոյց տրուած աջակցութեան եւ պատրաստակամ ըմբռնումին կապակցութեամբ։ Տէր Հայրը մաղթեց, որ գաղթականներու երազանքները փութով իրականանան, անոնց կեանքը վերադառնայ բնականոն հունի մը մէջ, իսկ համայն աշխարհի վրայ տիրէ խաղաղութիւն։
Երէկուան արարողութիւնները, ապահովաբար, պիտի գան բնորոշել նոր հանգրուան մը՝ մեր համայնքէն ներս գաղթականներուն ի նպաստ ակնկալուած զօրակոչին տեսակէտէ։
Կեսարիոյ արարողութիւններուն մասին մանրամասնութիւնները կարդալ՝ այսօրուան մեր Գ. էջին վրայ, ճոխ լուսանկարներով։