«ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ
Իրանի մայրաքաղաքը՝ Թեհրանի մէջ բացուած է «Հանդիպում» (Didar) խորագրեալ հայ-իրանական ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է «Արտակ Մանուկեան» թանգարանի հետ համագործակցութեամբ։ Թեհրանի «Մարիամ» պատկերասրահին մէջ բացուած այս ցուցահանդէսով միտուած է ներկայացնել հայ արուեստագէտներուն ազդեցութիւնը՝ իրանական ժամանակակից արուեստին վրայ:
Հայկական արուեստն ու մշակոյթը մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իրանական արուեստին եւ մշակոյթին վրայ: Ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ արուեստի տարբեր ճիւղերու մէջ գործունէութիւն ծաւալող արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները. ինչպէս՝ Լիլիթ Տէրեան, Էդման Այվազեան, Գառնիկ Տէր-Յակոբեան, Սիմոն Այվազեան: Ցուցահանդէսը արժանացած է մօտիկ հետաքրքրութեան։