ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարներու խօսակցութենէն անմիջապէս վերջ յայտարարուեցաւ, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է՝ Սուրիոյ օդային մարզէն ներս կատարուելիք թռիչքներու անվտանգութեան եւ համակարգման շուրջ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոյնաժամանակ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան այս մասին ու տեղեկացուցին, որ համատեղ դրութիւն մը հաստատուած է այս ուղղութեամբ։ Ըստ մամուլին մէջ լոյս տեսած մանրամասնութիւններուն, Թուրքիա եւ Ռուսաստան որոշած են նաեւ փոխանակել լրաքաղութեան տուեալներ՝ մասնաւորապէս Սուրիայէ ներս ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարի հարցին շուրջ։ Անգարայի եւ Մոսկուայի մէջ զինուորական պատասխանատուներու կողմէ յառաջ պիտի տարուի սոյն աշխատանքը։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողանի եւ Փութինի երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ քննարկուեցան շարք մը մանրամասնութիւններ։ Անոնք կանգ առին հրադադարը ամբողջ Սուրիոյ տարածքէն ներս ընդլայնելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Էրտողան եւ Փութին կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Աստանայի գործընթացին շուրջ, որպէսզի Սուրիոյ ներքին պատերազմի բոլոր կողմերը համախմբուին սեղանի մը շուրջ՝ քննարկելու համար քաղաքական լուծման հեռանկարները։ Հարկ է աւելցնել, որ Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ՝ Աստանայի հաւանական բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն շրջագծով։
Էրտողան եւ Փութին հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն։ Յառաջիկայ Մարտին նախատեսուած է Թուրքիա-Ռուսաստան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը։ Ռուսական կողմի տանտիրութեամբ նախատեսուած գագաթաժողովին ընդառաջ նախագահները ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։