ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կիպ­րա­կան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ ներ­կա­յիս կ՚ապ­րուին կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Մուս­թա­ֆա Ա­քըն­ճը եւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի ղե­կա­վար Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տիս մի­ջո­ցէ մը ի վեր ար­դէն կը ծա­ւա­լէին խտա­ցեալ աշ­խա­տանք։ Գոր­ծըն­թա­ցը վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով հա­սու­նու­թեան այն մա­կար­դա­կին հա­սաւ, որ ե­րէկ ա­ռա­ջին ան­գամ Ժը­նե­ւի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ ե­րաշ­խա­ւոր եր­կիր­նե­րը՝ Թուր­քիա, Յու­նաս­տան եւ Անգ­լիա, ինչ­պէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րէս։ Այս վեր­ջի­նը տան­տէ­րի հան­գա­ման­քով մաս­նակ­ցե­ցաւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Ժը­նե­ւի մէջ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու եւ Յու­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նի­քոս Քո­ճիաս հան­դէս ե­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Չա­վու­շօղ­լու մատ­նան­շեց, որ Թուր­քիա ե­րեք հիմ­նա­կան պա­հանջ ու­նի այս փու­լին։ Ա­նոնք են՝ ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեան դրու­թեան տե­ւա­կա­նա­ցու­մը, հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման Եւ­րո­միու­թեան ան­փո­փո­խե­լի ու գե­րա­կայ ի­րա­ւուն­քի մաս կազ­մե­լը եւ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն նոր Կիպ­րո­սի մէջ Եւ­րո­միու­թեան քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ու­նե­ցած չորս հիմ­նա­կան ա­զա­տու­թեան տի­րա­նա­լը։ Այդ ա­զա­տու­թիւն­ներն են՝ ա­զատ շրջա­գա­յու­թիւ­նը, տե­ղա­կա­յու­մը, գոր­ծա­տե­ղի բա­նալն ու կա­լուած ձեռք բե­րե­լը։

Ժը­նե­ւի մէջ թէ՛ Քո­ճիաս եւ թէ Ա­նաս­տա­սիա­տիս վե­րա­պա­հու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցան ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեան դրու­թեան տե­ւա­կա­նաց­ման նիւ­թին շուրջ։

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2017