ՕՊԱՄԱ ԱՐՏԱՍԱՆԵՑ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԽՕՍՔԸ

Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոր­ծող նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա ար­տա­սա­նեց հրա­ժեշ­տի խօսք մը՝ ամ­փո­փե­լով իր նա­խա­գա­հու­թեան տա­րի­ներն ու շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով իր ա­ջա­կից­նե­րուն:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հը՝ Ճորճ Ո­ւա­շինկ­թըն իր հրա­ժեշ­տի խօս­քը ը­սած էր 1796 թուա­կա­նին։ Իսկ Օ­պա­մա հրա­ժեշ­տի խօս­քը ար­տա­սա­նեց իր հայ­րե­նի Շի­քա­կո­յի մէջ:

«Կը կար­ծեմ, որ ա­սի­կա կա­րե­լիու­թիւն է շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու այս զար­մա­նահ­րաշ ճամ­բոր­դու­թեան հա­մար, նշե­լու այն ու­ղի­նե­րը, ո­րոնց­մով այս եր­կի­րը ութ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին  փո­խուած է դէ­պի լա­ւը եւ ո­րո­շա­կի միտ­քեր ա­ռա­ջար­կե­լու, թէ ինչ­պէ՛ս պէտք է յա­ռաջ շար­ժինք այս կէ­տէն», ը­սած է Օ­պա­մա:

Օ­պա­մա իր հրա­ժեշ­տի խօս­քին մէջ Ռու­սաս­տա­նը եւ Չի­նաս­տա­նը նկա­տեց իր երկ­րին գլխա­ւոր մրցա­կից­նե­րը՝ ա­ւելց­նե­լով, որ մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զին մէջ Ռու­սաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի ազ­դե­ցու­թիւ­նը չի կրնար հա­մե­մա­տուիլ Միացեալ Նա­հանգ­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան հետ:

«Այն­պի­սի մրցա­կից­ներ, ինչ­պի­սիք են Ռու­սաս­տա­նը եւ Չի­նաս­տա­նը, չեն կրնար հա­մե­մա­տուիլ աշ­խար­հի վրայ մեր ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թեան հետ, ե­թէ մենք չհրա­ժա­րինք այն ա­մէն ին­չէն, զոր ու­նինք եւ չվե­րա­ծուինք հեր­թա­կան մեծ պե­տու­թեան, որ կը կա­րե­նայ միայն իր­մէ փոքր դրա­ցի­նե­րուն հետ հար­ցեր լու­ծել», ը­սաւ Օ­պա­մա Շի­քա­կո­յի մէջ իր ար­տա­սա­նած խօս­քին մէջ:

20 Յու­նուա­րին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նէն պի­տի  հե­ռա­նայ Պարաք Օ­պա­մա, որ զգու­շա­ցուց նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ աշ­խար­հի վրայ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու թու­լաց­ման վտան­գէն: Ըստ Օպամայի, ա­տի­կա քա­ղա­քա­ցիա­կան մի­ջազ­գա­յին պա­տե­րազմ­նե­րու պատ­ճառ կրնայ դառ­նալ: «Չենք կրնար բռնա­տի­րու­թեան դէմ մի­ջազ­գա­յին ճա­կա­տում­նե­րէն հե­ռա­նալ, ո­րով­հե­տեւ այս է Ա­մե­րի­կա­յի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը», ը­սաւ Օպամա։ Ան շա­րունակեց. «Ա­մե­րի­կա­յին սպառ­նա­ցող ո­րե­ւէ կողմ ա­պա­հով պի­տի չըլ­լայ»:

Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ  Յու­նուա­րի 20-ին:

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2017