«ՈՐԴԱՆ ԿԱՐՄԻՐ» ԽՈՒՄԲԻ «ԼԱՕ» ՍԿԱՒԱՌԱԿԸ

Վերջերս «Որդան կարմիր» ռաք-երաժշտութեան նուագախումբը, հրապարակեց իր «Լաօ» ձայնասկաւառակը, որ կը ներառէ հայկական ժողովրդական երգերու նոր մշակումներ, ինչպէս  նաեւ հեղինակային երգեր, որոնք ժամանակակից շունչ կը հաղորդեն գործին:

Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Նորարար» Հայաստան 2017» փառատօնին ընթացքին, «Որդան կարմիր» նուագախումբը հանդէս եկած էր իր ժողովրդային նորարարական իւրայատուկ երաժշտական ոճով:

Միացեալ Նահանգներ իր համերգային շրջագայութեան ընթացքին, 2005-ին Վանաձորի մէջ կազմուած «Որդան կարմիր» խումբը ելոյթներ ունեցած է շարք մը հռչակաւոր բեմերէ, ներառեալ՝ Հոլիվուտի «Ուիսքի ա կոկօ»էն եւ «Թեքսաս միւզիք քաֆէ»ն՝ արժանանալով ջերմ ընդունելութեան:

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018