ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը, որ հիմնուած է Առաջին հանրապետութեան շրջանին՝ 1919 թուականին, կը պատրաստուի յառաջիկայ տարի նշել իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը։ Իսկ այս տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ թուային գրադարաններու 5-րդ հաւաքը։

Երէկ, Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան Իսթանպուլի մէջ տեղեկացուց այս ծրագրերուն մասին։ Ան կոչ ուղղեց՝ որպէսզի փափաքողներ իրենց ունեցած աղբիւրները տրամադրեն Հայաստանի Ազգային գրադարանին։ Այս ուղղութեամբ կարելի է շարժման անցընել ինչպէս Հայաստանի Ազգային գրադարանի, այնպէս ալ Մշակոյթի, Սփիւռքի կամ Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն հնարաւորութիւնները։

Երէկ երեկոյեան «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ասուլիսի մը ծիրէն ներս քաղաքիս մէջ շահեկան ելոյթներով հանդէս եկան Տիգրան Զարգարեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրման կեդրոնի տնօրէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան։ Հիւրընկալ հիմնարկի «Հաւաք» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ասուլիսը, զոր վարեց Վահագն Քեշիշեան։ Ներկաներու շարքին էին նախաձեռնարկ հիմնարկի ղեկավարները, կրթական մշակներ, մտաւորականներ, երիտասարդներ եւ այլ հետաքրքիրներ։ Ասուլիսի ընթացքին խոշորացոյցի տակ առնուեցան Հայաստանի Ազգային գրադարանը, սփիւռքի թուային գրադարանները եւ այդ բոլորի 21-րդ դարու կացութիւնը։ Սփիւռքեան հաւաքականութիւնները թուային արխիւով մը միաւորելու գաղափարին հետամուտ՝ ատենախօսները անդրադարձան թուային արխիւայնացումի եւ թուային գրադարաններու կարեւորութեան։ Թուայնացնելու եւ այդ ճանապարհով միաւորելու հետամուտ աշխատանքները ամփոփուեցան հեղինակաւոր ատենախօսներու կողմէ։

Երեկոյթի ընթացքին նախ արտայայտուեցաւ Տիգրան Զարգարեան, որ բացատրութիւններ տուաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի ճոխ արխիւին մասին։ Արդարեւ, գրադարանի պահեստներուն մէջ կը գտնուին միլիոնաւոր գիրքեր։ Հայ մշակոյթի տեսակէտէ ամենայատկանշական, առանցքային բոլոր պատմական հրատարակութիւնները կը գտնուին այնտեղ։ Տիգրան Զարգարեան բացատրութիւններ տուաւ, որ Թուրքիոյ տարածքի քաղաքներուն մէջ հայկական հրատարակչութեան առումով որքան հսկայական աշխատանք մը տարուած է։ Այդ գործին մէջ առիւծի բաժինը կը վիճակի Իսթանպուլին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ հայատառ թրքերէն հրատարակութիւններուն։ Պարբերական մամուլի մասին խօսելով՝ Տիգրան Զարգարեան յիշեցուց, որ 1832 թուականին հրատարակուիլ սկսած էր «Լրոյ Գիր Օսմանեան Կայսրութեան»ը։ Նոյն բաժնին մէջ ան առանձնապէս խօսեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին, որ 1908 թուականէն ի վեր կը հրատարակուի անխափան եւ շնորհիւ Գօչունեան ընտանիքին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։

Զարգարեան ընդգծեց, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ կը գտնուին հայերէնով հրատարակուած առաջին Աստուածաշունչը, հայերէնով պատրաստուած առաջին համաշխարհային քարտէսը, հայերէն հրատարակուած առաջին գիրքը եւ առաջին հայերէն թերթը։ Այս բոլորին առընթեր Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ կը գտնուին միլիոնաւոր գիրքեր, որոնք ներկայիս կը թուայնացուին։ Գիրքերու եւ թերթերու առընթեր, Ազգային գրադարանի պահեստներուն մէջ կը գտնուին նաեւ հանդէսներ կամ քարտփոսթալներ։ Կիւթենպերկի կողմէ տպարանի գիւտի կատարուելէն հազիւ քանի մը տասնամեակ անց հայերն ալ հիմնեցին իրենց տպարանները։ Զարգարեան մատնանշեց, որ Նոր Ջուղայի մէջ հաստատուած է հայերէն առաջին կատարեալ տպարանը։ Հայերէնով երկրորդ Աստուածաշունչը տպուած էր Պոլսոյ մէջ։

Հայաստանի Ազգային գրադարանի արխիւի պատմական արժէքով նմոյշներուն բացատրութիւնը Տիգրան Զարգարեան զուգորդեց հայկական գրատպութեան պատմութեան ու զանազան փուլերուն հետ։ Աւելի վերջ ան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ, թէ Հայաստանի Ազգային գրադարանը ինչպիսի համագործակցութեան կապեր ունի թրքահայ համայնքին հետ։ Այս բաժնին մէջ ան դիտել տուաւ, որ իր ղեկավարած կառոյցը կը համագործակցի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, Պատրիարքական Աթոռին եւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին հետ։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կանոնաւոր ձեւով իր հրատարակած գիրքերը կը փոխանցէ Ազգային գրադարան։ Թերթի ելեքտրոնիկ տարբերակներն ալ կը գտնուին գրադարանի թուային արխիւին մէջ, իսկ մէկ կողմէ ալ կը թուայնացուին անցեալի համարները։ Տիգրան Զարգարեան ընդգծեց Պատրիարքարանէն Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կողմէ Ազգային գրադարանի հետ համագործակցութեան ուղղութեամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը։ Ան կարեւորեց նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հետ հաստատուած սերտ շփումները։ Վերջին շրջանին «Աթաթիւրք» գրադարանը շփման մէջ անցած է Հայաստանի Ազգային գրադարանին հետ՝ կարգ մը մատենագիտական աշխատանքներու համար։ Բաց աստի, Տիգրան Զարգարեան տեղեկացուց, որ բոլորովին վերջերս Ազգային գրադարանը նոր աղբիւրներ կամ հրատարակութիւններ գտած է՝ Նոր Ջուղայի, Պոսթոնի, Հալէպի, Արդուինի, Հոմսի կամ Լոնտոնի մէջ հրատարակուած զանազան յուշամատեաններ ապահովելով։ Հուսկ, Զարգարեան շեշտեց, որ Ազգային գրադարանը ամբողջ թափով կը շարունակէ իր՝ լիարժէք իմաստով գործունէութիւնը։

ՏԱԳԷՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Իր կարգին, Անդրանիկ Տագէսեանն ալ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ 1955 թուականին հիմնուած Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի գործունէութեան շուրջ։ Իր ղեկավարած կեդրոնն ալ հաստատուած է 2011 թուականին։ Տագէսեան յիշեցուց, որ Հայկազեանը սփիւռքի միակ հայկական համալսարանն է։ Իր գլխաւորած Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրման կեդրոնը կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն։ Մերձաւոր Արեւելքի համայնքներու վերաբերեալ հետազօտութիւններ կը կատարուին, բանախօսութիւններ կը կազմակերպուին։ Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Իսրայէլի հայկական հաւաքականութիւնները կ՚առնուին խոշորացոյցի տակ։ 1915-ին յաջորդած ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները, 1920-ականներուն եւ 1940-ականներուն ապրուած փոփոխութիւնները կ՚առնուին լուսարձակի տակ։ 1915-ի շրջանին որբանոցներու մէջ գտնուածներու ապագայ կեանքը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Այս բոլորը, բնականաբար, ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան տեսակէտէ ալ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։

Անդրանիկ Տագէսեանի բացատրութիւններով, ի լրումն այս բոլորին, Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրման կեդրոնի հետաքրքրութիւններու ծիրին մաս կը կազմեն՝ 21-րդ դարու հայկական ինքնութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք համատեղ աշխատանքը, աշխարհի հայկական համայնքներու փոխադարձ ճանաչումը, Մերձաւոր Արեւելքի հայերու փոխադարձ ճանաչումը։ Այս բոլորին համար կը կազմակերպուին ակադեմական մակարդակով հաւաքոյթներ։ Իր բացատութիւններուն մէջ Տագէսեան առանձնացուց «Իմ ընտանիքիս պատմութիւնը» խորագրեալ աշխատանքը, որով մարդիկ փոխանցած են, ցեղասպանութեան շրջանին իրենց ընտանիքի նախնիներուն բաժին հասածները։

Ատենախօսներու զեկուցումներու աւարտին ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան անոնց հարցումներ ուղղելու։ Երեկոյթի աւարտին ներկաները հրաժեշտ առին թէ՛ իրենց տրուած բացատրութիւններով յագեցած եւ թէ այս երկու կառոյցներուն նկատմամբ գնահատանքի զգացումով։

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018