ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՌԱՅԺՄ ԿԸ ՏԵՒԱԿԱՆԱՑՆԷ ԻՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հրապարակեց Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութեան շուրջ իր որոշումը։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ որոշած է համաձայնութիւնը տեւականացնել։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը երրորդ ու վերջին անգամ երկարաձգել որոշած է Իրանի հետ ստորագրուած հիւլէական ծրագրի վերաբերեալ համաձայնութիւնը։ Թրամփ կը փափաքի նոր բանակցութիւններ վարել այս համաձայնութեան շուրջ։ Ան այս նիւթի պարագային տարբեր դիրքորոշում մը որդեգրած է իր նախորդին՝ Պարաք Օպամայի բաղդատմամբ։ Ներկայ փուլին Թրամփ ԱՄՆ-ի եւրոպացի գործընկերներուն ալ կոչ ուղղեց՝ որպէսզի համաձայնութիւնը վերստին բանակցութեան դրուի։

«Այն վերնախաւը, որ կը ղեկավարէ Իրանը, կը հարստանայ եւ ինքզինքը հարստացնելու ժամանակ ժողովուրդը դէմ յանդիման կը թողու սովի։ Այս համաձայնութեան շնորհիւ Իրան տէր դարձած է 100 միլիառ տոլարի, սակայն այդ գումարը չէ օգտագործուած ժողովուրդի կեանքի բարելաւման համար։ Մենք կը խրախուսենք Իրանի քաջ ժողովուրդը, որ կը պահանջէ ներկայ ապօրինի վարչախումբի փոփոխութիւնը։ Հակառակ իմ ամուր մտադրութեան, ԱՄՆ-ը դուրս չեմ բերած հիւլէական համաձայնութենէն։ Քաշուելու փոխարէն ճանապարհ ցոյց կու տամ։ Կա՛մ այս համաձայնութիւնը զտեցէք սարսափելի սխալներէ եւ կամ ԱՄՆ դուրս պիտի գայ», ըսաւ Թրամփ։

Պերլինի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւններուն։ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ իրենց եւրոպացի գործընկերներուն հետ պիտի խորհրդակցին հասարակաց ճանապարհ մը գտնելու համար ու պիտի պաշտպանեն՝ Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնութեան ուժի մէջ մնալը։

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018